Աղահանք մը գտնուած է Երեւանի մէկ գործարանին շէնքին ճիշդ տակը։ Տարօրինակ զուգադիպութեամբ՝ գործարանը իր արտադրութեան համար, կ'օգտագործէր հեռու տեղերէ բերուած աղ։

Անմիջապէս ձեռք առնուած են շահագործելու միջոցներ եւ արդէն, երեք ամսուան ընթացքին, 4000 թոն աղ հանուած է։

Երեւանի «Ռուսաց եւ օտար լեզուներու պետական մանկավարժական կաճառը- այսուհետեւ պիտի կոչուի հայասէր ռուս բանաստեղծ Վալերի Բրուսովի անունով։

Հայաստանի արդիւնաբերութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկն է Ալավերտի քաղաքը, որ կը գտնուի Լոռիի չքնաղ ձորին մէջ։ Արդիւնաբերութեան զարգացման հետ միաժամանակ՝ արագ թափով կþաճի նաեւ քաղաքը։ Մօտ ապագային, քաղաքը պիտի տարածուի Սանահինի սարահարթին ուղղութեամբ։ Նախագիծը մշակուած է արդէն։ Նախագիծին համաձայն, Սանահին պիտի ունենայ ուղղաձիգ եւ կանաչազարդ փո-ղոցներ, որոնք երկայնքին պիտի բարձրանան չորս-հինգ յարկանի շէնքեր, 13 հազար բնա-կիչի համար։ Նոր թաղը պիտի օժտուի դպրոցներով, հիւանդանոցներով, մշակոյթի տունով, մարզադաշտով, շուկայով եւ հանրային պարտէզներով։

Հայ ճարտարարապետներ՝ ձեռնարկած են Երեւանի մէջ շինելու արուեստական լիճ մը, որ պիտի ունենայ մէկուկէս քիլոմեթր երկարութիւն, 550 մեթր լայնութիւն, մինչեւ 25 մեթր խորութիւն եւ 65 հեկտար մակերես։

Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն, 16 հազար 530 օրինակ գիրք ղրկուած է արտասահման եւ արբանեակ երկիրները։ Ղրկուած գիրքերը՝ մեծ մասամբ հայ դասական հեղինակներու գործեր են, ինչպէս նաեւ՝ հայ մշակոյթի, լեզուի եւ պատմութեան վերաբերեալ գիրքեր։