Կիւլպէնկեան հաստատութեան օժանդակութեամբ, Պաղտատի մէջ շուտով շինուիլ պիտի սկսի հայկական բուժարան մը, որ պիտի կրէ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունը։
Այս բուժարանին մէջ, Պաղտատի հայկական վարժարաններու մօտաւորապէս երկու հազար հայ աշակերտները պարբերաբար պիտի ենթարկուին բժշկական քննութեան, նախնական դարմանումներու, ինչպէս նաեւ ատամնաբուժական քննութեան եւ դարմանումի, տեղւոյն հայ բժիշկներուն գործակցութեամբ։ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը տրամադրած է 28 հազար տոլար։
Փարիզի մէջ, Իսիի քաղաքապետարանի առջեւ թակարդուած ինքնաշարժ մը պայթած է՝ պատճառ դառնալով երեք անցորդներու մահուան եւ 47 հոգիի վիրաւորման։ Այս վերջիններէն շատեր՝ դպրոցականներ եւ գործի գացող բանուորներ էին։ Ամէնէն ծանր վիրաւորուած է 28 տարեկան աղջիկ մը՝ Ժագլին Գըզըլեան։ Վիրաբուժները ստիպուած են կտրել Ժագլինի թեւը իսկ կեանքը փրկուած է, շնորհիւ ձեռքի պայուսակին, զոր բռնած էր սրտին վրայ։ Ֆրանսական թերթերը հրատարակած են օր. Գըզըլեանի նկարը եւ վեր առած իր դժբախտութեան հանդէպ ցոյց տուած կորովի ընթացքը։ Իսկ մեր պաշտօնակիցը «Յառաջ» ֆրանսահայութեան կոչ մը հրատարակած է, որպէսզի նուիրատուութիւններ կատարէ ի նպաստ տարաբախտ հայուհիին՝ որ թեւը կորսնցնելէ վերջ այլեւս պիտի չկարենայ աշխատիլ։ Կոչը լայն արձագանգ գտած եւ ամէն կողմէ բարեսիրտ հայեր սկսած են գումարներ ղրկել «Յառաջ»ի հասցէով, Ժագլինին համար։
Փաքիստանի Լահոր քաղաքին մէջ կ'ապրին քանի մը հայեր։ Սաքա քաղաքին մէջ կայ հայկական եկեղեցի մը, որ հիմնուած է 1781-ին։ Ներկայիս եկեղեցին առանց քահանայի կը մնայ ու գաղութը կը հաշուէ հազիւ 20-22 հոգի։ Սաքա ատեն մը հայ վաճառականներու կարեւոր կեդրոն մը եղած է։ Ամբողջ Փաքիստանի մէջ մօտաւորապէս 40 հայեր կþապրին։