Ֆրանսայի ժամագործութեան ճարտարարուեստի պարբերաթերթին՝ «Լա Ֆրանս Օրլոժէ»ի Փետրուարի թիւին լրատուութեամբ, «Ֆրանսայի լաւագոյն բանուորի» տարեկան մրցումին առաջնութիւնը շահած է երիտասարդ հայ ժամագործ Սարգիս Եազըճեան։
Իր առաջնութեան եւ իրեն հետ գնահատութեան արժանացողներու վկայականները պիտի յանձնէ, Հանրապետութեան նախագահը՝ զօրավար Տը Կոլ։
Թեհրանի ֆրանսական դեսպանատան իրաւագէտ-խորհրդական տոքթ. Աղաբարեան, որ 20 տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէ դեսպանատան մէջ փաստաբանի հանգամանքով՝ վարձատրուած է «Պատուոյ Լեգէոնի» շքանշանով։
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, իր հիմնադրութեան քսանամեակին առթիւ, Պէյրութի «Կրան Թէաթր» թատերասրահին մէջ, յաջորդաբար ներկայացուցած է Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածները», ղեկավարութեամբ իր դերուսոյց-բեմադրիչին՝ պրն. Ժորժ Սարգիսեանի։ Մեծ թիւով արուեստատէր հանդիսականներ ներկայ եղած են ներկայացումներուն, որոնք արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն եւ արժանացած ջերմ գնահատանքի։ Համազգայինի թատերախումբը իր գործունէութեան քսան տարիներու ընթացքին, Պէյրութի, Թրիփոլիի, Դամասկոսի, Հալէպի, Գահիրէի, Այնճարի, Պաղտատի եւ Թեհրանի մէջ տուած է 135 ներկայացում, առանց հաշուելու քսանամեակին առթիւ ներկայացուցած Հին Աստուածներու ներկայացումները։ Թատերախումբի քսանամեակին առթիւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հրատարակած է կոչ մը, ուր կ'ըսէ.- Սփիւռքի մեր պայմաններուն ծանօթները միայն կրնան գնահատել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ առանց պետական աջակցութեան, առանց սեփական թատրոնական շէնքի եւ յարմարութեանց խումբ մը սիրողներով քսան տարի անընդհատ ծառայել հայ բեմին, հայ հասարակութեան հրամցնելով գեղարուեստական բարձրորակ թատերախաղեր։