Հոլանտայի փոքրաթիւ գաղութի նորընտիր վարչութեան անդամները, գեղեցիկ գաղափարը յղացան հայկական երեկոյթ մը կազմակերպելու Ամսթերտամի մէջ։
Հոլանտայի զանազան շրջաններէն եկած էին մեծ թիւով հայրենակիցներ, չուզելով զրկուիլ հայկական շրջանակի մթնոլորտի մէջ քանի մը հաճելի ժամեր ապրելու այս առիթէն։ Մասնաւոր նամակներով հրաւիրուած էին նաեւ Պելճիքայի հայրենակիցները, որոնցմէ ներկայ էին շուրջ երեսուն հոգի։ Վերջերս Հոլանտայի եւ Պելճիքայի հայ գաղութներուն միջեւ հաստատուած է սերտ գործակցութիւն մը, որուն գլխաւոր նպատակն է հաւաքոյթներու եւ հանդէսներու միջոցով փոխադարձաբար իրարու հետ ծանօթանալ եւ այս երկու երկիրներու փոքրաթիւ եւ օտարանալու ճամբուն վրայ գտնուող հայագաղութները նոր շունչով ու նոր խանդավառութեամբ ոգեւորելով՝ սատարել ազգապահպանման սուրբի գործին։ Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Հոլանտայի հայ գաղութի վարչութեան ատենապետը՝ մեթր պրն. Զոհրապ։ Ապա՝ սկսան եւրոպական պարերն ու կերուխումը։ Եղան մեներգներ եւ արտասանութիւններ։ Պելճիքայէն պրն. Սուրէն Քէշիշեան, իր քաղցր ձայնով երգեց երկու եւրոպական եւ մէկ հայկական երգեր։ Արտասանելու հրաւիրուեցաւ տիկին Պարթեւեան - աւելի ծանօթ իբր Ծաղկուշ - որ արտասանեց «Հայրենական Տօն»ը։ Օրուան սեղանապետը Վարչութեան երիտասարդ խորհրդական պրն. Աշոտ Գասպարեան, արտասանեց «Մարօ»ն եւ ապա՝ Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն։ Յաջորդաբար, սեղանապետը խօսքը տուաւ Ն. Եսայեանին, որ խօսեցաւ Վարդանանցի եւ Մամիկոնեաններու անձնազոհ գործունէութեան մասին։ Շարունակելով շեշտեց թէ՝ «իբր հայ, մեզի համար աններելի յանցանք է թեթեւութեամբ մօտենալ մեր մեծ անցեալին, մեր դարաւոր պատմութեան,մշակոյթին եւ եկեղեցիին»։ Մինչեւ առաւօտեան ժամերը նուագախումբը շարունակեց իր եղանակներով զուարճացնել ներկաները, որոնք գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն։