Ինչպէս ծանօթ է շատերուն, 1960 Յուլիսին, թագաւորական հրովարտակով մը, Թեսաղոնիկէի քաղաքին յատակագիծը փոփոխութեան  ենթարկուած էր, Հայոց եկեղեցիի վայրին մէջ։

Այս փոփոխութեան հետեւանքով, մեր եկեղեցիին հողամասը հրապարակի կը վերածուէր եւ եկեղեցիին կռնակի հողամասին տէրերը,- որոնց ջանքերով եւ զարտուղի միջոցներով ձեռք բերուած էր վերոյիշեալ փոփոխութիւնը,- իրաւունք կը ստանային եկեղեցիին կողմը ճակատ ունեցող ինը յարկանի շէնք մը բարձրացնելու։ Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը եւ Թեսաղոնիկէի Թաղականութիւնը՝ հելլէն բարեխնամ կառավարութեան եւ ի մասնաւորի հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան մօտ ազդու եւ կտրուկ դիմումներ կատարելով՝ յաջողեցան նոր հրովարտակով մը չեղեալ նկատել տալ նախորդը եւ եկեղեցիին հողամասը փրկել հրապարակի վերածուելէ։ Նոր հրովարտակին դէմ Պետական խորհուրդին մօտ բողոք ներկայացուցին եկեղեցիին թիկունքի հողամասին տէրերը, պահանջելով որ վերստին կոչուի  ջնջուած նախորդ հրովարտակը։ Փետրուար 27-ին, Պետական խորհուրդին առջեւ տեղի ունեցաւ հարցի քննութիւնը, որուն միջամտեց Թեսաղոնիկէի Թաղականութիւնը, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան իրաւագէտ խորհրդական փաստաբան պրն. Ս. Ֆէսճեանի միջոցով, որ փաստացի եւ կուռ պաշտպանողականով մը Պետական խորհուրդին ներկայացուց Թեսաղոնիկէի Թաղականութեան եւ Ազգ. Իշխանութեան տեսակէտը, շեշտելով որ, դրացի հողամասի տէրերուն բուն նպատակն է յօգուտ իրենց քանդել Թեսաղոնիկէի հայոց միակ աղօթատեղին։ Պետական խորհուրդը, իր 21 Մարտ 1962 թուակիր եւ 435 թիւ վճիռով մերժած է յիշեալներուն դիմումը, օրինաւոր գտնելով Թեսաղոնիկէի Թաղականութեան միջամտութիւնը եւ վաւերացուցած՝ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը հաստատող 1961 Յունիս 9-ի թագաւորական հրովարտակը։