Հայաստան հարուստ է հանքային հանածոներով։ Մեր լեռնաշխարհի ընդերքին մէջ կան բազմաթիւ հանքեր, որոնք մեծ նպաստ կրնան բերել մեր երկրի տնտեսութեան համար։

Անցեալ տարի նոր հանքեր յայտնաբերուած են։ Իջեւանի եւ Ալավերտիի շրջաններուն մէջ գտնուած են բարձր որակի կաւեր, որոնք օգտակար են ձէթի, օճառի արտադրութեան եւ նաւթի արդիւնաբերութեան համար։ Մինչեւ հիմա արտասահմանէն կը ներածուէին այս կաւերը։ Երբ սկսի հանքին շահագործումը, ներածելու պէտք պիտի չըլլայ։ Պղինձի հանքեր գտնուած են Ղափանի, Մեղրիի, Ալավերդիի եւ կարգ մը ուրիշ շրջաններու մէջ։ Արդէն վերջացած են Հրազդանի երկաթի հանքին հետախուզական աշխատանքները։ Յայտնաբերուած են երկաթի նոր հանքեր Աբովեանի, Հրազդանի եւ Սվարանացի մէջ։ Նորութիւններ կան նաեւ Զոդի ոսկիի հանքերուն մէջ։ Գտնուած են շինանիւթերու ¥տուֆ, հրակայիւն ապարներ եւայլն¤, նոր հանքեր Աշտարակի, Ազիզբեկովի, Գորիսի, Կրասնոսելսկիի, Ալավերտիի եւ ուրշ շրջաններու մէջ։ Կարեւոր բնական հարստութիւններ են Արտաշատի եւ Եղեգնաձորի շրջակաները յայտնաբերուած հանքային ջուրերը։ Գտնուած են նաեւ ստորերկրեայ ջրաւազաններ Սպիտկաի եւ Կալինինոյի շրջաններուն մէջ։

«Սով. Արուեստ»ի Յունուարի թիւը արձագանգ կþըլլայ Պաքուի մէջ գոյութիւն ունեցող հայ թատերական խումբերէն մէկուն գործունէութեան։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող անանուն այս խումբը վերջերս ներկայացուցած է Մ. Սարաջեանի «Աշխարհի դատաստանը» թատրերգութիւնը։

Վերջերս, ամերիկացի մեծ գիւտարար Թոմըս Էտիսընի ծննդեան 115-ամեակին առթիւ երեկոյթ մը կազմակերպուած է Երեւանի մէջ։ Բազմարուեստից վարժարանի դասախօս՝ Ն. Գրիգորեան ներկայացուցած է ամերիկացի գիտնականին կեանքը ու բերած նպաստը գիտութեան։