Հայաստանի ընդերքը կարեւոր գաղտնիք մը երեւան հանեց վերջերս: Բասարգեչարի Զոդ գիւղին մօտերը գտնուեցաւ ոսկիի հարուստ հանք մը, որ երկու հազար տարի առաջ Արեւելքի ամէնէն մեծ եւ հարուստ ոսկեհանքերէն մէկը կը նկատուէր:

Շրջանը եղած է հաղորդակցութեան կարեւոր ճամբայ մը‘ մերձսեւծովեան երկիրներէն դէպի Հնդկաստան գացողեկող առեւտրականներուն համար: Անհամար եւ անողոք կռիւներ մղուած են այս շրջանին մէջ: Յունական, հռոմէական, արաբական եւ պարսկական հրոսակները իրենց ասպատակութիւններուն ժամանակ շարունակ կ՛աշխատէին տէր դառնալ Հայաստանի գանձարանին‘ Զոդի ոսկեհանքերուն: Եւ տիրելէ ետք, կողոպտած ու տարած են եւ լեցուցած‘ իրենց արքունի գանձարանները: Օր մըն ալ հիմնայատակ եղած են հանքերը, հողին հաւասար դարձած: 1930-ին հետախոյզներու խումբ մը, առաջին անգամ ըլլալով, գնաց Զոդ:
Մինչեւ 1955 բոլոր պրպտումներն ալ անցան ապարդիւն: Վերջապէս, 1955-ին, ծանօթ երկրաբան Սամուէլ Մաթեւոսեան յաջողեցաւ երեւան հանել ոսկիի հարուստ հանքերը, որոնք անհամեմատօրէն հարուստ են: Հեռու չէ այն օրը, երբ Հայաստան պիտի արտադրէ ոսկի:


Պոլսոյ Թաքսիմի յունաց Այա Թրիատա եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցած է հայածէս ժամերգութիւն եւ պատարագ։ Ներկայ գտնուած են Յունաց եւ հայոց պատրիարքները, յոյն եւ հայ եկեղեցականներ, Սինոդի անդամներ, օտար եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ յոյն եւ հայ խուռներամ բազմութիւն մը։ Եկեղեցական արարողութեանց աւարտումէն վերջ, զոյգ պատրիարքները իրենց շքախումբով առաջնորդուած են խորհրդարան, ուր տեղի ունեցած է ընդունելութիւնը։ Հոն՝ Յունաց եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ կարգադիր յանձնախումբի կողմէ շնորհակալութիւն յայտնուած է հայոց պատրիարին։ Խօսք առած են հոգեւորական եւ աշխարհական բազմաթիւ հիւրեր։