Փարիզեան «Մաչ» շաբաթաթերթը, իր վերջին թիւին մէջ հրատարակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ պրն. Քենէտիի կողմէ «Իզվեսթիա» թերթի խմբագրապետ եւ սովիէթ վարչապետ պրն. Խրուշչէվի փեսայ պրն. Աճուպէյին ի պատիւ Սպիտակ Տան մէջ տրուած հացկերոյթին նկարագրականը, որուն տակ «Նուէր Հայաստանի  քոնեակ» խորագրով աւելցուցած է հետեւեալ տողերը.-

«Տիկինները եւ պարոնները, բաժնուելէ առաջ, ամէնքն ալ ճաշակեցին հայկական քոնեակը, զոր Աճուպէյ նուիրած էր պրն. Սալինկէրին (նախագահին մամլոյ դիւանի պետը)։ Պրն. Սալինկէր ալ իր կարգին, հայկական քոնեակը հետը բերած էր Սպիտակ Տուն»։

Թրքական խորհրդարանին մէջ բուռն արտայայտութիւններ տեղի ունեցան, թրքական յեղափոխութեան ամբրապնդման համար Ծերակոյտին կողմէ եւս քուէարկուած օրինագիծին դէմ։ Ատալէթ կուսակցութեան Սինոպի երեսփոխան պրն. Մ. Գաբլան, բուռն կերպով քննադատեց պրն. Ինէօնիւի կառավարութիւնը, այն պատճառով որ վարչական բարձր պաշտօններու կը նշանակէ երիտասարդ սպաներ, «որոնց պեխերը հազիւ բուսած են եւ որոնք պրիյանթին կը քսեն իրենց մազերուն»։ Այս արտայայտութիւնները բուռն բողոքի տեղի տուին Հալք կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ։

Անցեալ շաբթու, ալպանեւեուկոսլաւ սահմաններու մերձակայ շրջանին մէջ կրիփի աւելի քան 20 հազար դէպքեր պատահեցան։ Համաճարակին պատճառով, շատ մը վարժարաններու դասաւանդութիւնները դադրեցան։

Մալթայի պետութիւնը պաշտօնական հանգա-  մանք ստացաւ, նոր սահմանադրութեան հրատարակումով։ Ազգայնական կուսակցութեան պետ պրն. Ճորճ Պորկ Օլիվիէր որ կազմեց նոր կառավարութիւնը, յայտարարեց թէ՝ կը յուսայ որ, անգլիական կառավարութեան հետ յարաբերութիւնները շատ լաւ պիտի ըլլան, ինչ որ իր կուսակցութեան բոլոր արտայայտութեանց հիմը կը կազմէ։