Փետրուարի մէջ, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին կազմակերպած դասախօսութիւններու շարքին առաջինը‘ յատկացուած «Սփիւռքի 40 տարուան պարբերական մամուլ»-ին:

Խմբագրութիւնը լաւագոյն ընտրութիւնը կատարած էր այս նիւթով, որ հետաքրքրական էր թէ՛ իր բովանդակութեամբ եւ թէ՛ ներկայացման ձեւով: Մտաւորականներու եւ գրասէր հասարակութեան ընտիր բազմութիւն մը ներկայ եղաւ դասախօսութեան, որուն կը նախագահէր «Բագին»-ի վարիչ-խմբագիր Կարօ Սասունի: Դասախօսն էր ծանօթ գրագէտ եւ «Բագին»-ի խմբագիր Եդուարդ Պոյաճեան: Կ. Սասունի իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Բագին»-ի հրատարակութեան պայմաններուն եւ այն առաջադրութեանց, որ ամսագրին խմբագրութիւնը ունի իր սեղանին վրայ‘ «Բագին»-ը դարձնելու համար համագաղութային ձեռնարկ մը, անոր շուրջ բոլորելով սփիւռքի հին եւ նոր բոլոր գրողները, վաւերական արժէքներէն սկսած մինչեւ այն նորընծաները, որոնք մուտք կը գործեն մեր գրական անդաստանէն ներս‘ իրենց ժամանակին եւ սերունդին խօսքը ըսելու: Այնուհետեւ Ե. Պոյաճեան մօտ մէկ ժամ ընդհանուր ակնարկ մը նետեց սփիւռքի 40 տարուան պարբերական մամուլին վրայ‘ տալով իւրայատուկ նկարագիրը իւրաքանչիւր ձեռնարկի, որ որոշ ժամանակի մը եւ որոշ գաղութի մէջ, կատարած է իր դերը‘ աւելի կամ պակաս յաջողութեամբ, իբրեւ արտայայտութիւնը իր շրջանի գրական եւ մշակութային մտահոգութիւններուն: Ե. Պոյաճեան, նախաբանէ մը ետք, ուր շեշտեց, թէ վերջին քառասնամեակի մեր արտասահմանեան գրականութեան լաւագոյն գործերը լոյս տեսած են պարբերականներու մէջ, յարգանքի արտայայտութիւն մը ունեցաւ այդ պարբերականներու խմբագիրներուն եւ անոնց շուրջ բոլորուած գրագէտներուն հանդէպ: