Հայաստանի նախարարաց խորհուրդը որոշած է արժանավայել շուքով նշել հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակ, հայ գիրերու հնարիչ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակը։

Կազմուած է Յոբելենական Յանձնաժողով մը՝ վարչապետ Անտոն Քոչինեանի նախագահութեամբ։ Յոբելենական յանձնաժողովը իր առաջին նիստի ընթացքին որոշած է.- Պաշտօնական հանդիսութիւնը կատարել Մայիս 26-ին, Երեւանի մէջ, նմանօրինակ մեծ հանդիսութիւններ կազմակերպել Լենինականի, Կիրովականի, Աշտարակի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներուն մէջ, զանազան անձնաւորութիւններ հրաւիրել Մոսկուայէն, Լենինկրատէն, Խորհ. Միութեան այլ քաղաքներէն եւ արտասահմանեան երկիրներէ, յանձնարարել հայպետհրատին եւ Գիտութիւններու ակադեմիային, որպէսզի տօնակատարութեան նախօրեակին հրատարակէ Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին, գործունէութեան եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման անոր բերած նպաստին շուրջ գիտական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ։ Սփիւռքի մէջ, հանճարեղ սուրբին ծննդեան 1600-ամեակը տօնուեցաւ անցեալ տարի (ճիշդ թուականին)։ Հայաստանի մէջ մեզի անծանօթ պատճառներով, քիչ մը ուշ կը ձեռնարկեն գործի։

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի եւ Հ. Կ. Խաչի կողմէ կազմակերպուած պարահանդէսը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ «Օլիմպիք Փալաս»ի շքեղ եւ ընդարձակ սրահը կը յորդէր ընտրեալ բազմութեամբ մը։ Տեղի չգոյութեան պատճառաւ մաս մը հայրենակիցներ ստիպուեցան ետ դառնալ։ Հայկական եւ տաք մթնոլորտի մէջ պարահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամերը։ Վիճակահանութեան հանուած հազար տոմսերը սպառեցան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ։ Բախտաւորները շահեցան 400-է աւելի արժէքաւոր նուէրներ, որոնք տրամադրուած էին զանազան անհատներու եւ առեւտրականներու կողմէ։