Այ Եանի Գարէայի Թաղային Մարմինը, հովանաւորութեամբ՝ թեմակալ առաջնորդ Տէր Սահակ Ս. եպս. Այվազեանի, յարգանքի երեկոյ մը կազմակերպած էր տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սրահին մէջ։

Տեղւոյն ազգայիններու կարգին տեղ գրաւած էին Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը՝ նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, շրջաններու Թաղային մարմինները, Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն տէր եւ տիկին Երուանդ Ճէճիզեան, Հ. Կ. Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեանց ներկայացուցիչները, շրջաններէն եկած ազգայիններ եւ Երիտասարդացի երգչախումբի անդամներ։ Հանդէսը սկսաւ հելլէն եւ հայկական ոգերգներով, որմէ վերջ յանուն Թաղականութեան, խօսեցաւ պրն. Ժիրայր Կիւզէլեան, որ երախտագիտական զգացումներով գովքը հիւսեց բարերար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի, անոր անմահ յիշատակը փառաբանելով։ Ապա, ի յարգանս մեծ բարերարի յիշատակին, առաջարկեց յոտնկայս մէկ վայրկեանի լռութիւն։ Նախագահը յայտագրի գործադրութեան անցնելով՝ յաջորդաբար հրաւիրեց հանդէսին մասնակցողները իրենց բաժինը բերելու։ Օր. Կիւլա Կիւրինլեան արտասանեց «Ազգդ իմ» հայրենասիրական կտորը, օր. Ազատուհի Պաղտիկեան արտասանեց յունարէն։ Մեներգեց օր. Ովսաննա Մարտիրոսեան՝ «Տէր կեցո դու զհայս»ը։ Յունարէն լեզուով բանախօսեց Ստեփան Ֆէսճեան, վեր առնելով Գալուստ Կիւլպէնկեանի բարերարութիւնը ազգային եւ համամարդկային տարողութեամբ։ Ալիս Կիւզէլեան արտասանեց՝ «Տաղ՝ ձօնուած մեռեալներին» քերթուածը, զգայուն շեշտով։ Ապա, սիրուած երգչուհի Արուս Գրիգորեան երգեց երկու մեներգ, խանդավառելով ներկաները։ Օր. Մարօ Մարտիրոսեան կարդաց «Հայու ոգին» քերթուածը, տպաւորիչ կերպով։ Տքթ. Եղիա Արշակունի, յանուն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, յարգանքի խօսք ըրաւ, ոգեկոչելով Գ. Կիւլպէնկեանի յիշատակը։ Հուսկ, առաջնորդ   սրբազան հայրը դրուատեց մեծ հայուն մեծ գործերը եւ աւելցուց, որ Գալուստ Կիւլպէնեան  թրծուեցաւ ու մեծցաւ ընտանեկան կրթութեամբ։