Երեւանի մէջ, վերջերս լոյս տեսած է իրապաշտ թատերագրութեան հիմնադիր Գաբրիէլ Սունդուկեանի երկերուն վերջին չորրորդ հատորը։ Չորս հատորներուն մէջ ամփոփուած է հայ թատերագրին ողջ ժառանգութիւնը։

4 Փետրուար, Կիրակի կէսօրէ առաջ, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ Ազգային Աբգարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններու եւ թաղիս եկեղեցւոյ բարերարներու համայն ննջեցեալներուն: Կրօնական արարողութեանց նախագահեց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան: Պատարագեց եւ քարոզեց Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեան: Քարոզիչ հայր սուրբը իր ոգեշունչ քարոզին մէջ շեշտեց բարեգործութեան ոգեկան վսեմ բնոյթը եւ հայ եկեղեցին ու դպրոցը միշտ կանգուն պահելու կենսական անհրաժեշտութիւնը‘ մեր ժողովուրդին համար: Այս առիթով, Թաղական խորհուրդի կարգադրութեամբ, հրաւիրուած էին երկու  վարժարաններու բարերարներն ու բազմաթիւ երեւելի ազգայիններ: Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող սաղիմական միաբան Վաչէ վրդ. Իգնատիոսեան՝ Ազգային Աբգարեան վարժարանի նախկին սաներէն՝ Ազգային Աբգարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը եւ բարձրագոյն կարգերու աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որուն համար կարծես նեղ կու գար եկեղեցին: Դպրաց դասը ձեռնհասօրէն ղեկավարեց դպրապետ Արիս Պուլղուրճեան: Իսկ Ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան հոգեպարար երգեցողութիւնները սփռուեցան բարձրախօսով՝ թաղի հայութիւնը հաղորդակից դարձնելով օրուան խորհուրդին եւ արարողութեանց: Արարողութիւններէն ետք, Թաղական խորհուրդը իր սրահին մէջ հիւրասիրեց  առաջնորդ սրբազան հայրը, պատարագիչ հայր սուրբը եւ ներկայ երեւելի ազգայինները: