Միջնադարու իտալացի ճանապարհող Մարքօ Փոլօ, որ բազմաթիւ երկիրներու կարգին այցելած է նաեւ պատմական Հայաստանը, իր «Աշխարհի Հրաշալիքները» անունով գրքին մէջ խօսելով Հայաստանի մասին կը գրէ հետեւեալը.-

«Հայաստան շատ մեծ գաւառ մըն է։ Ամէն տեղ նոյն լեզուն կը խօսին տարբեր ուրիշ երկիրներէ։ Այնտեղ կը շինուին լաւագոյն հիւսուածներէնները, որովհետեւ ունի շատ մեծ վարպետներ, հոն կայ լաւագոյն բամպակը եւ կը կիրարկուին բազմաթիւ արհեստներ։ Այս երկրին մէջ բխող տաք ջուրեր կը կազմեն բնական բաղնիքներ՝ որոնք աշխարհի ամէնէն առողջարարներն են»։

Վերջերս Արամ Խաչատուրեան աւարտած է «Գեղօն Հայրենիքի մասին» (խօսք՝ բանաստեղծ Աշոտ Գառնակերեանի) լայնաշունչ գործը, նուիրուած իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին։ Նոյն բնաբանին նուիրուած է իր միւս նոր գործը՝ երեք մասերէ բաղկացած սոնատ մը, դաշնակի համար։ Ներկայիս հայ երգահանը կþաշխատի ջութակի եւ համանուագախումբի ռաօսոտիիի մը վրայ։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան վերջին զեկոյցին մէջ կը կարդանք.- Ինչպէս նախապէս եղած էր Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեանց միաբանութեան տպարաններուն եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին տպարանին համար, 20,000 (քսան հազար) տոլարի յատկացում մը կատարուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանը նման տողաշար մեքենայով մը օժտելու նպատակով:
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ
Հիմնարկութիւնը 250,000 տոլար յատկացուցած է հայկական զանազան համայնքներու մօտաւորապէս 250 վարժարաններու մէջ անհրաժեշտ դատուած նորոգութիւնները կատարելու համար։ Մասնագէտները պիտի ճշդեն կատարուելիք նորոգութիւնները: 250,000 տոլար ալ յատկացուած է 250 վարժարաններու արդիական պահանջներուն համապատասխանող ուսումնական սարքաւորումներու համար: