Լոյս տեսաւ հայ իրապաշտ թատրերգութեան հիմը դնող Գաբրիէլ Սունդուկեանի երկերուն վերջին 4-րդ հատորը: Չորս հատորներուն մէջ ամփոփուած են հայ թատերագրին ողջ ժառանգութիւնը:

Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հատորները կը պարունակեն Գ. Սունդուկեանի բոլոր կատակերգութիւնները՝ իրենց տարբերակներով, որոնց մեծ մասը տպագրուած է առաջին անգամն ըլլալով: Չորրորդ հատորին մէջ զետեղուած են Սունդուկեանի հայերէն, վրացերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն նամակները՝ զրկուած իր հարազատներուն եւ մտաւորականներու: Այդ նամակները, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ կը հրատարակուին առաջին անգամն ըլլալով, ցոյց կու տան հայ թատերագրին կապերը եւրոպացի գրագէտներու եւ արուեստագէտներու հետ, ինչպէս, օրինակ, Վիքթոր Հիւսկոյի, Ալեքսանտր Տիւմա որդիի, Սարտուի, Էռնեսթօ Ռոսսիի, Եուրի Վեսելովսկիի եւ ուրիշներու հետ:


Լոնտոնէն կը գրեն.- Լոնտոնահայութեան բաղձանքը երկար ժամանակէ ի վեր եղած է կեդրոնավայր մը ունենալ, որուն յարկին ներքեւ հայութիւնը կարողանայ հաւաքուիլ եւ զարկ տալ հայապահպանման վսեմ գործին: Ահա այս բաղձանքը իրականութիւն է այսօր: Քենզինկթընի շրջանին մէջ հայոց եկեղեցիին մօտիկ շէնք մը գնուած է, եւ նորոգութիւններ տեղի կ՛ունենան: Կեդրոնավայրը պիտի կոչուի  «Հայ տուն»: Վերջերս Համայնական խորհուրդի անդամներէն Ա. Խաչատուրեան բացատրեց, թէ Հայ տունը պէտք է ըլլայ բոլոր հայ հոգիներուն կեդրոնը՝ առանց խտրութեան: Հայ  տունը պէտք է ունենայ  իր պատշաճ գրադարանը, ուր ամէն հայ ազատ ըլլայ գիրք ստանալու: Աւելցուց, որ Լոնտոնի Հայ երիտասարդական միութեան Կեդրոնը պէտք է ըլլայ Հայ տունին մէջ: Երբ հարց տրուեցաւ նիւթականի շուրջ Ա. Խաչատուրեան նշեց, թէ Լոնտոնի հայ համայնքն է, որ իր ուսերուն վրայ  պիտի առնէ Հայ տունին ծախսերը: