Փետրուար 4-ին, Թեսաղոնիկէի «Մաքետոնիքոն Սբուտոն»ի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀՕՄ-ի Օր»ուան տօնակատարութիւնը, նախաձեռնութեամբ՝ Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութեան։

Սրահը ծայրէ ծայր լեցուած էր հայրենակիցներով եւ երիտասարդներով, որոնք եկած էին յարգելու գաղթաշխարհի հայութեան գուրգուրանքին առարկան եղող ՀՕՄ-ը եւ իր «Օր»ը։ Հանդէսը բացուեցաւ Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Արշալոյս Սեմերճեանի ներշնչուած ուղերձով, որմէ վերջ ներկայացուեցաւ տպաւորիչ կենդանի պատկեր մը, որ կը ներկայացնէր ՀՕՄ-ը՝ գաղթաշխարհի հայութեան գթասիրտ եւ գուրգուրոտ մայրը, շրջապատուած իր զաւակներով, բոլոր երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերով, զորս  կը ներկայացնէին փոքրիկ հայորդիներ։ Պատկերի ամբողջ տեւողութեան օր. Նատիա Մարուքեան դաշնակի վրայ կը նուագէր ՀՕՄ-ի քայլերգը։ Օր. Շաքէ Կուսիկեան Հ. Գթ. Խաչին նուիրուած քերթուած մը արտասանեց, իսկ փոքրիկներ՝ Սերոբիկ Աբրահամեան յունարէն լեզուով «Արծիւը»  եւ Արաքսի Աբէլեան՝ ձօն մը ՀՕՄ-ին։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս ընկ. Կարապետ Գալֆայեան, որ պատկերացուց հայ կնոջ դերը ազգային նկարագրի կերտումի, ազատագրական պայքարներու եւ հայապահպանումի գործին մէջ։ Երիտասարդացի պարախումբը՝ ղեկավարութեամբ տիկին Մերի Մանուկեանի, ներկայացուց հայկական հարսանիքը եւ պարը, որոնք ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն։ Օր. Նատիա Մարուքեան դաշնակի վրայ նուագեց երկու գեղեցիկ կտորներ։ Երեկոյթը շարունակուեցաւ եւրոպական պարերով եւ հայկական երգերով։

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի  ունեցած է ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ  յունաց տիեզերական պատրիարք Աթինաղորաս Սրբազանի  եւ իր հետեւորդներուն։ Ճաշկերոյթին  հրաւիրուած են հիւրաբար Պոլիս գտնուող բարձրաստիճան հայ եկեղեցականներ եւ կրօնական եւ վարչական ժողովներու անդամներ։