Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը նոր հրամանագրով մը որոշ փոփոխութիւններ մտցուցած է քրէական օրէնքի թիւ 229 յօդուածին մէջ, որ կը վերաբերի թմրեցուցիչներ գործածողներուն եւ ծախողներուն։

Նոր հրամանագիրը այսպէս կը սահմանէ վերոյիշեալ յօդուածը.- «Առանց բժշկական արտօնութեան մորֆին, քոքային եւ այլ թմրեցուցիչ դեղեր հայթայթելը կամ գործածելը, աֆիոն, հաշիշ եւ թմրեցուցիչ այլ նիւթեր ծխելը կամ այդ նպատակով ձեռք բերելը՝ կը պատժուին մինչեւ մէկ տարի բանտարկութեամբ, կամ նոյնիսկ ժամանակի համար կը ղրկուին տաժանակիր աշխատանքներու եւ կամ կը դատապարտուին տուգանքի» եւայլն։

Մատենադարանը անցեալ տարի հարստացած է արտասահմանէն ստացուած 130 նոր ձեռագիրներով։ Ասոնք կը վերաբերին Ժ-ԺԹ դարերուն եւ կþարծարծեն ծիսական, գիտական, պատմական, աստուածաբանական նիւթեր։ Այս ձեռագիրներուն մեծ մասը իբրեւ նուէր ղրկուած են Թուրքիայէն, Մ. Նահանգներէն, Սուրիայէն,  Ռումանիայէն, ինչպէս նաեւ Խորհ. Միութեան զանազան քաղաքներէն։ Ուշագրաւ է միջնադարեան ձեռագիրներէն մէկը, որ կը պարունակէ հայկական 150 առակներ։ Ասոնց մէջ կան ցարդ անծանօթ բազմաթիւ առակներ։ Նոր ձեռագիրներու մէջ                     կը գտնուի Արիստոտէլի «Բնազանցութեան» հայերէն թարգմանութիւնը։ Այս արժէքաւոր գործը լատիներէնէ հայերէնի թարգմանուած է 1675-ին Ստեփանոս Լեհացիի կողմէ՝ «ետ ասելոց բնա-կանաց» վերտառութեամբ։ Մասնագէտներու կարծիքով այս նոր ձեռագիրները կը ներկայացնեն հայ   հին պատմագիրներու, բժիշկներու, տիեզերագէտներու գործերը, որոնք կը վերաբերին առեւտրական, տնտեսական եւ մշակութային ասպարէզներուն եւ միեւնոյն ատեն ցոյց կուտան հին ժամանակներու մարդոց ըմբռնումները, գիտական տեսակէտները։ Ներկայիս մատենադարանը ունի 10.836 հին ձեռագիրներ, որոնց 10.103-ը հայերէն, իսկ մնացեալ 733-ը արաբերէն, հին սլաւոներէն, լատիներէն, եբրայերէն եւայլն։