Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Վարչութիւնը բոլորեց արդիւնաւէտ տարի մը։ Ներկայ վարչութիւնը կազմուած է առաւելապէս փորձառու երիտասարդուհիներէ, որոնք գիտակից իրենց պարտականութեանց, կ'աշխատին աւելի ընդլայնել Հ. Կ. Խաչի գործունէութեան սահմանները, մասնաւորաբար գթութեան գործին մէջ։

Այսպէս, յարմար ամէն առիթով՝ ժամանակ կը տրամադրեն եւ կ'այցելեն շրջանիս բոլոր հիւանդներուն եւ կարօտեալներուն, անոնց նիւթական եւ բարոյական իրենց օժանդակութիւնը տալու համար։ Ներկայ վարչութիւնը երբ գործի լծուեցաւ, գրեթէ ոչինչ ունէր իր տրամադրութեան տակ, բացի աշխատելու իր եռանդէն եւ մեր ժողովուրդի զոհողութեան ոգիին վրայ ունեցած հաստատ հաւատքէն։ Այդ հաւատքով ալ իր համեստ կարողութիւնը ի սպաս կը դնէ մեր ազգակիցներուն օգտակար հանդիսանալու ոչ միայն խնամատարական մարզէն ներս, այլ նաեւ՝ ազգապահպանման նուիրական գործին մէջ։ Ան կը ջանայ առաւելագոյն չափով կատարել իրեն վերապահուած դերը։

Աւետիք Իսահակեանի Երեւանի տունը վերածուած է թանգարանի։ Ամէն ինչ պահուած է իր բնական վիճակին մէջ։ Թանգարանը երկյարկանի շէնք մըն է, հինգ սենեակով՝ ննջասենեակ, աշխատասենեակ, գրադարան, ճաշասենեակ-հիւրանոց։ Տանը մէջ խնամքով պահուան են բանաստեղծին անկողինը, գրասենեակը, հագուստները, կօշիկները, ձեռնափայտը, ակնոցները եւ հարիւրաւոր նկարներ եւ նուէրներ։ Աւետիք Իսահակեանի տունը ունի պարտէզ մը, պտղատու ծառերով, որոնցմէ շատերը տնկած է ինքը, իր կենդանութեան օրով։ Պարտէզին մէջ կայ նաեւ զարդաքանդակներով քարէ նստարան մը, որ հայ ճարտարապետները նուէր ըրած են իրեն։ Աւետիք Իսահակեան ձգած է գրական մեծ ժառանգութիւն մը։ Թանգարանին մէջ հաւաքուած են իր բոլոր գործերը։ Ունի նաեւ կէս ձգած ձեռագրեր։