Սեփական բնակարաններու շինութիւնը կարգ   կանոնի դնելու եւ շինանիւթեր ունենալու օրինական միջոցները սահմանելու համար, նոր կանոնագրութիւն մը մշակուած է Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին կողմէ։

«Սով. Հայաստան», առաջին էջով կէտ առ կէտ կը թուէ նոր օրինագիծին տրամադրութիւնները։ «Կանոնագրութիւնը քաղաքացիներուն իրաւունք կուտայ անձնական սեփականութեան իրաւունքով, իրենց համար շինել մէկ կամ երկյարկանի բնակարան՝ մէկէն մինչեւ հինգ սենեակով, պայմանով, որ ընդհանուր տարածութիւնը 60 քառակուսի մեթրէն աւելի չըլլայ։ Բնակելի տուներ կրնան համագործակցական հիմունքներով շինել նաեւ քանի մը քաղաքացիներ միասնաբար, պայմանաւ, որ տասը հոգիէն պակաս չըլլան։ Քաղաքին ընդարձակումը սահմանափակելու համար, Երեւանի քաղաքացիները անհատական բնակարաններ կրնան շինել միայն համագործակցական հիմունքներով, բազմայարկ տուներ շինելով։ Վերջապէս Հայաստանի նախարարներուն խորհուրդը որոշած է արգիլել ամարանոցներու շինութիւնը։ «Հայաստանի մէջ ամենուրեք արգիլուած է քաղաքացիներուն հողամասեր յատկացնել սեփական ամարանոցներ շինելու համար, ինչպէս նաեւ պետութեան, համագործակցական ընկերութիւններու եւ ընկերային կազմակերպութիւններուն կողմէ քաղաքացիներուն ամարանոց շինելու համար շինանիւթեր ծախելը»։

Հայաստանի նկարիչներու տան մէջ 45 արուեստագէտներ ցուցադրած են երեք հարիւր նկարներ, բոլորն ալ արտասահմանեան երկիրներու տպաւորութիւններ եւ գծուած վերջին երեք տարիներու ընթացքին։ Կան եգիպտական, Մ. Նահանգներու, իտալական, պուլկարական, իրաքեան, հնդկական եւ պոլսական տպաւորութիւններ, բոլորն ալ, դատելով Մ. Սարեանի տպաւորութիւններէն, ինքնատիպ եւ յաջող արուեստով ներկայացուած են։