Ֆրանսական ձայնասփիւռը անցած Կիրակի օր հայկական հպարտութեամբ լեցուն օր մը շնորհեց արտասահմանի հայութեան:

Առաւօտուն հայկական հանդիսաւոր պատարագն էր, զոր Վատիկանի կայանը կը ձայնասփռէր, եւ որ կը հասնէր հայկական սրտերուն, մինչ կէսօրէ ետք խնամքով պատրաստուած յայտագիր մը ֆրանսացիներուն կը ներկայացնէր Վարուժանը եւ Չարենցը: Ներկայացման ձեւը, ընկերացող հայկական յուզիչ այլ հարազատ երաժշտութիւնը, երկու ձեռնհաս խօսնակներուն տուած ամփոփ եւ փոքր վրիպումներով տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ Ժան-Ժագ Ասլանեանի եւ Հայկուհի Խտըշեանի մասնակցութիւնը շատ յաջող յայտագիր մը մէջտեղ բերած էին: Լայն տեղեկութիւններ Վարուժանի եւ Չարենցի անձին ու գործին մասին, հայերէն եւ ֆրանսերէն կտորներ լաւագոյնս ներկայացուցին ֆրանսացի ունկնդիրին, հայոց բանաստեղծները: Ծանօթ բանաստեղծ Ռուբէն Մելիք պատասխանելով իրեն եղած հարցումներուն՝ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ հայ գրականութեան մասին, մատնանշելով անոր կրած ազդեցութիւնը Արեւմուտքէն, մանաւանդ Ֆրանսայէն: Ռուբէն Մելիք յիշեց նաեւ Փոլ Էլիւարի մէկ յատկանշական պատասխանը հայ լրագրողի մը, ուր ֆրանսացի տաղանդաւոր բանաստեղծը կը յայտնէր, թէ՝ «Հայկական գրականութիւնը ամբողջ դիմադրութեան գրականութիւն մըն է»:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի գրախօսներէն Չարլզ  Փուր կը ներկայացնէ Ուիլիըմ Սարոյեանի վերջին գործը՝ «Հոս կու գայ, հոն կ՛երթայ: Գիտէ՞ք, թէ ով», ու կ՛ըսէ, ի միջի այլոց.-  Ուիլիըմ Սարոյեանի նոր աշխարհը, զոր կը ստեղծէ   իրեն եւ իր ընթերցողներուն համար, ձեւով մը ոգիներէ յաճախուած տուն է: Անոր մէջ ամէնէն նեղացուցիչը հարկահաւաք կոչուած է, որ հաւանաբար կ՛անձնաւորէ Միացեալ Նահանգներու Անհատական տուրքի սպասարկութիւնը, որ ահաբեկիչ յամառութեամբ, վճարելի հաշիւներ կը  ներկայացնէ: