Ռեքս սինեմայի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ պետական նուագախումբի նուագահանդէսը՝ ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Փարիտիսի, ի  ներկայութիւն գեղարուեստասէրներու խուռն բազմութեան մը: Օրուան մենակատարն էր ֆրանսահայ տաղանդաւոր եւ անուանի դաշնակահար պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան, որ առաջին իսկ վայրկեանէն մագնիսացուց սրահը եւ արժանացաւ ներկաներու բուռն ու

երկարատեւ ծափահարութեանց: Յայտագրին մաս կը կազմէին Մոցարդի «Կախարդուած Սրինգի» մուտքը, 39 թիւ սեմֆոնին, Չայքովսկիի «Ֆրանչեսկա տա Ռիմինի» սեմֆոնիկ պոէմը եւ Ռահմանինովի 3-րդ քոնչերթոն: «Քաթիմերինի»ի առաւօտեան մեծ օրաթերթի երաժշտական ծանօթ քննադատը՝ պրն. Մ. Տունիս պետական նուագախումբի նուագահանդէսին մասին գրելով եւ մեր տաղանդաւոր արւեստագէտին մասին արտայայտուելով կÿըսէ. «Մեր հին ծանօթը եւ երեկոյեան բացառիկ մենակատարը՝ Ռաֆֆի Պետրոսեան անգամ մը եւս հմայեց մեզ իր դաշնակահարութեան արուեստի բացառիկ երաժշտականութեամբ»:

- Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք սրբազան, ընկերակցութեամբ՝ Տ. Սուրէն արք. Քեմհաճեանի, այցելած է Գանտիլլի, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին ու Դպրեվանքը եւ նախագահած է եկեղեցական արարողութեանց՝ դպրեվանքի մէջ: Երկու եպիսկոպոսներն ալ օգտակար խրատականներ տուած են սաներուն: Փորթուկալի հիւպատոսն ալ ներկայ գտնուած է դպրեվանքի արարողութեանց: Ամսոյս 23-ին որոշուած է սկսիլ Ս. Խաչ եկեղեցիի նորոգութեան: Թաղականութիւնը այս առթիւ հրատարակած է մասնաւոր հաղորդագրութիւն մը: Այդ հաղորդագրութենէն կը հասկցուի որ, երեք տարու կեանք ունեցող Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անհրաժեշտ նորոգութեան համար Կիւլպէնկեան ֆոնտէն յատկացուած է 98 հազար թրքական ոսկի, նկատի ունենալով որ Գալուստ Կիւլպէնկեան մկրտուած է յիշեալ եկեղեցիին մէջ: Եկեղեցիի նորոգութեան համար ընդհանուր ծախք նախատեսուած է 200.000 ոսկի: