Երեւանի թերթերէն կ՛իմանանք, թէ միջազգային ծանօթ վիրաբուժ մը դարձած է Հայաստանի բժիշկ մը՝ Արտաշէս Թոխեան: Հայ բժիշկը կը զբաղի կուրծքի վանդակի օրկաններ՝ սրտի եւ թոքերու վիրաբուժութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ ձեւընկալ վիրահատութեամբ: Բազմաթիւ առիթներով մասնակցած է վիրաբուժներու Հայաստանի, Անդրկովկասի եւ Խորհրդային միութեան
համագումարներուն, իսկ վերջին երեք տարիներուն մասնակցած է ձեւընկալ վիրահատութեան Լոնտոնի միջազգային համագումարին, սրտանօթային վիրահատութեան Պարսելոնի Եւրոպական համագումարին, ուր կարդացած է զեկուցումներ: Այցելած է Փարիզ եւ այլուր: Վերջերս Լոնտոնի մէջ անգլերէնի թարգմանուած հրատարակուեցաւ բժիշկ Ա. Թոխեանի վերականգնիչ ձեւընկալ վիրահատութեան հարցերուն նուիրուած 1961-ի զեկուցումը: Ամերիկեան, անգ-լիական եւ իտալական բժշկական համալսարաններ եւ կեդրոններ հետաքրքրուած են հայ վիրաբուժին գործերովը:
- Բանաստեղծ, աշուղ եւ նկարիչ Նաղաշ Յովնաթանի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած գիտական համագումար մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, նախաձեռնութեամբ Մատենադարանին եւ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան կաճառին: Կարդացուած են շատ հետաքրքրական եւ գիտական բովանդակութեամբ տեղեկաբերութիւններ, ինչպէս՝ «Նաղաշ Յովնաթանի կեանքն ու գրական ժառանգութիւնը», «Նաղաշ Յովնաթանը եւ Յովնաթանեաններու դպրոցը», «Հայ նոր գրականութեան նախանշանները ԺԶ. – ԺԷ. դարերու տաղերգութեան մէջ եւ Նաղաշ Յովնաթանը եւ աշուղական պոէզիան»: Գիտական համագումարին առթիւ կազմակերպուած է նաեւ ցուցահանդէս մը՝ Մատենադարանի սրահներուն մէջ: Լուսանկարներով ներկայացուած են աշուղին ծննդավայրը եւ շրջակայքը, մեծ քնարերգուին գործերուն ձեռագիր եւ տպագիր տաղարանները, տաղերուն թարգմանութիւնները, անոր մասին եղած ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ: