Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան Ֆիքսի խումբերը ունեցան բեղուն գործունէութիւն մը: Կազմակերպեցին զանազան ձեռնարկներ եւ արդէն իսկ պատրաստած են ձեռնարկներու ծրագիր մը՝ յաջորդ ամսուան համար:

Ստորեւ՝ «Արշալոյս-Ջամալեան» եւ «Սաթենիկ» խումբերու գործունէութիւնը, ամփոփ գիծերու մէջ: «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբը Դեկտեմբեր 4-ին կազմակերպեց արշաւ մը դէպի Մալաքասա՝ որուն մասնակցեցան երեսունէ աւելի անդամներ: Դեկտեմբեր 16-ին, միջանդամական հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ ընկ. Խաչիկ Աղապապեանի տան մէջ: Շատ տաքուկ մթնոլորտի մը մէջ, ընկերները առիթը ունեցան զուարճանալու զանազան խաղերով եւ ընկ. Դերձակեանի կատակախօսութիւններով: Յունուար 5-ին «Աւետիսի» շրջագայութիւնը ամէն տարիէ աւելի յաջող էր: Մինչեւ առաւօտեան ժամը 7-ը երգեցիկ խումբը այցելեց Ֆիքսի եւ շրջակայքի հայ ընտանիքներու բնակարանները՝ աւետելով Քրիստոսի ծնունդը: Յաջորդ օրը՝  Յունուար 6-ին, Ամանորեան հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ ընկեր Վռամ Թերզեանի բնակարանը: Հակառակ անոր որ մեր բոլոր տղաքն ու աղջիկները ամբողջ գիշերը անքուն մնացած էին, որոշեալ ժամէն առաջ սկսան խմբուիլ ու շատ շուտ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ մը: Ժամանակը կը յառաջանար պարով եւ կատակախօսութիւններով, երբ ընկ.  Դերձակեան քիչ մը լռութիւն խնդրեց, որպէսզի կարենայ բաշխել Կաղանդ Պապայի բերած նուէրները: Ընկ. Գրիգորի միջոցաւ ղրկուած նուէրները ներկաներուն կողմէ սիրով ընդունուեցան: Անմիջապէս յետոյ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակութիւն եւ բոլորը ստացան գունաւոր թուղթերով փաթթուած եւ ժապաւէններով կապուած նուէրներ: Հաւաքոյթը շարունակուեցաւ կէս գիշերէն վերջ ալ: Ներկայիս «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբը կը պատրաստէ  «Թիւ 5 խելագարը» թատերականը:
(Շար.1)