Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ մեծ հանդիսութեամբ եւ հաւատացեալներու աննախընթաց բազմութեան մը մասնակցութեամբ: Կիրակի օր, եկեղեցիին տաճարը յորդեցաւ հաւատացեալներով:
Շատեր ստիպուեցան դուրսէն, եկեղեցիի շրջապատէն հետեւիլ Ս. պատարագին, զոր մատոյց թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, որ եւ քարոզեց յաւուր պատշաճի, բնաբան ունենալով «Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցիս քո անշարժ պահեա»: Առաջնորդ հայրը շեշտեց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վճռական դերը՝ մեր ժողովուրդի կրօնական-քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ, հին դարերէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը եւ թելադրեց հաւատացեալ ժողովուրդին ուժ տալ եկեղեցաշինութեան գործին: Շաբաթ իրիկուն, տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւնը, նախագահութեամբ՝ առաջնորդ սրբազան հօր: Արարողութենէն յետոյ, կատարուեցաւ զենումը մատաղցու 12 գառնուկներու եւ մէկ խոյի, ոոնք նուիրուած էին զանազան ազգայիններու կողմէ: Այս մատաղցուներէն զատ, եկեղեցասէր Տիկնանց յանձնախումբը գնած էր 80 քիլօ միս եւ պատրաստած էր 1600 մատաղի ծրարիկներ, որոնք հազիւ բաւեցին բազմութեան:
Ամերիկահայ հռչակաւոր գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան գրած է նոր գիրք մը, որուն խորագիրն է «Հոս կուգայ, հոն կ'երթայ, գիտե՞ս ով»: Սարոյեան այս գործով կը ներկայացնէ իր կեանքը, մանկութենէն մինչեւ այսօր: Գիրքը հրապարակ կ'ելլէ ամսոյս 23-ին:
Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանուր Աբբահայր գեր. Մեսրոպ Արք. Հապոզեան, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, յայտարարած է թէ՝ Միաբանութիւնը հարիւր հազար տոլար արժողութեամբ հող մը գնած է ամերիկահայ երիտասարդութեան ամառնային վարժարան մը հիմնելու համար: Այս դպրոցը՝ ամերիկահայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան մէջ զգալի պակաս մը պիտի լրացնէ: