Թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, ընկերակցութեամբ արժ. Տ. Ներսէս Աւագ քհնյ. Խոշորեանի եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեանի, Աթէնքի մայր եկեղեցի այցելելով, վերջին յարգանքը մատուցանեցին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի վախճանեալ մետրոպոլիտ ամեն. Տ. Թէոքլիթոս արքեպիսկոպոսի:

Ապա՝ Յունաց առաջնորդարան երթալով՝ ստորագրեցին  բացուած յատուկ տոմարին մէջ:

Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Մետրոպոլիտ Թէոքլիթոս Ա. արքեպիսկոպոսի վախճանման առթիւ, Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հեռագիր մը յղեց Աթէնք, Տեղապահ արքեպիսկոպոսին եւ Ս. Սինոտին, իր եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ անունով ցաւակցութիւններ յայտնելով այս ցաւառիթ մահուան  առթիւ, եւ մեծ հանգուցեալին յաջորդի շուտափոյթ ընտրութիւնը մաղթելով:


''Մոլֆըրտ Տէյլի Նիւզ'' հրատարակած է նկարը պրն. Միսաք Մանուկեանի, որ 7 Դեկտեմբեր 1941-ին կը գտնուէր ''Վէսթ Վըրճնիա'' մարտանաւին մէջ, Փըրլ Հարպըր: Մարտանաւը ունէր 1200 հոգինոց անձնակազմ մը, որմէ 800 հոգի սպաննուեցան, ճափոնական ծանօթ անակնկալ յարձակման հետեւանքով: Միսաք Մանուկեան յարձակման օրը կ'աշխատէր մարտանաւին զանազան մասերուն մէջ եւ կը գործածէր նաեւ զէնք: Ապա իրեն հրամայեցին իջնել մարտանաւին վարի յարկերը: Ան առաջին օգնութիւնները ընծայողներէն էր վիրաւորներուն, եւ աւելի քան երկու ժամ աշխատեցաւ, դուրս հանելով նաեւ սպանեալներ:

Հնդիկ աստղագէտներու նախատեսութեանց համաձայն, յառաջիկայ Փետրուարին ծանր աղէտներ պիտի պատահին: Ըստ այս նախատեսութեանց՝  յառաջիկայ Փետրուար 5-ին, ութը մոլորակներ պիտի զուգուին եւ արեւը պիտի խաւարի: