Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօնական օրերու շարժումը այս տարի աւելի քան եռուն եղաւ Աթէնքի եւ արուարձաններու հայ համայնքին մէջ: Թաղային մարմիններու եւ եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց ժրաջան անդամները իրենց կարելին ի գործ դրին՝ արդիւնաւորելու համար ի նպաստ ազգային

սնտուկին թափուած աշխատանքները: Եւ յաջողեցան լիուլի իրենց նպատակին մէջ: Ժողովուրդը իր սրտաբուխ նուէրները տուաւ աւելի քան նախանցեալ տարիները: Կը տեղեկանանք թէ՝ իւղագինի եւ եկեղեցիներու բանկալի հասոյթները գլած-անցած են ամէն նախատեսութիւն: 35 տարուան  իր պատմութեան մէջ, յունահայութիւնը զոհաբերութեան այնքան ոգի ցոյց չէր տուած, որքան այս վերջին քանի մը տարիներուն: Գաղութը գոնէ մասամբ ինքնաբաւ դարձնելու նախանձախնդրութիւնը իւրաքանչիւր յունահայու մտահոգութեան առարկան դարձած է այսօր: Ամէն ոք կը նետէ իր լուման ազգային սնտուկին մէջ, սիրայօժար: Քաջալերական եղած է նաեւ Ս. Ծնունդի «Աւետիս»ի խումբերուն ձեռք բերած յաջողութիւնը: Հակառակ գաղթակայաններու մասամբ քանդումին եւ մեր ազգակիցներու ցրուումին, նիւթական հասոյթները աւելի եղած են, քան նախորդ տարիներուն: Ամէն հայ տուն ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ բացած է իր դուռը մեր խումբերուն առջեւ եւ տուած է իր նուէրները, որոնք կը յատկացուին մեր ազգային կարիքներուն եւ բարեսիրական նպատակներու: Հ. Կ. Խաչի «Պնակ մը կերակուր»ի նուիրահաւաքութիւնն ալ քաջալերական եղաւ այս տարի: Մեր Խաչուհիները, գոյացած հասոյթով ժպիտներ ակօսեցին անկիւններու մէջ մոռցուած մեր դժբախտ ազգակիցներու այտերուն վրայ: Մարդասիրական գործ մը՝ որ վեր է ամէն գնահատանքէ եւ որուն համար ամէն զոհողութիւն յանձն կÿառնեն մեր նուիրեալ տիկինները: Ծնունդի տօներէն ետք, յառաջիկայ Կիրակի, տեղի կÿունենայ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը եւ աւանդական մատաղաբաշխութիւնը: Տեղւոյն Թաղային խորհուրդը եւ Եկեղեցասէր Տիկնանց մարմինը, լծուած են աշխատանքի հարկ եղած շուքով կատարելու համար այս տօնախմբութիւնը: