Յունուար 1-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի կողմէ կազմակերպուած Ամանորեան հաւաքոյթը, ի ներկայութեան մեծ թիւով երկսեռ ազգայիններու եւ բոլոր շրջաններու խումբերու անդամ-անդամուհիներուն: Յայտագիրը պատրաստած էր Գոքինիոյ Երիտասարդացի կրտսերներու «Աղբիւր Սերոբ» խումբը: Ընկ.

Կարօ Մինասեան հաւաքոյթը բանալով՝ Նոր Տարուան առթիւ, բոլոր ներկաներուն անհատական եւ ազգային փափաքներու իրականացում մաղթելէ յետոյ, գործադրութեան դրաւ յայտագիրը: «Սերոբ» խումբի անդամներէն Ստեփան Սիմոնեանը հայաշունչ ուղերձ մը կարդաց: Նոյն խումբէն Յաբէթ Այանեան արտասանեց ընկ. Սօս-Վանիի՝ «Մեռնիմ-մեռնիմ իմ երկրիս մէջ» քերթուածը: Յայտագիրը շարունակուեցաւ թատերակով մը, ուր ընկ. Կարօ Մինասեան, գլխաւոր դերին մէջ ապրեցաւ անմահն Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին»էն առնուած «Հայդուկի մը Նոր Տարին»: Ապա՝ խումբերու պարախումբը հայկական գեղեցիկ տարազներով, պարեց հայկական պար մը: Պարախումբը մարզած էր ընկ. Սօնա Պէօրէքճեան: Օրուան բանախօսը ընկ. Մաննիկ Պէօրէքճեան վերլուծեց Ամանորի նշանակութիւնը: Յայտագրի երկրորդ մասի սկզբնաւորութեան՝ տեղի ունեցաւ գաթայի բաշխումը: Ընկ. Կարօ Մինասեան հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. Վարչութեան գործավար ընկ. Յարութիւն Մէքթուպճեանը, որ քանի մը խօսքեր ըսելէ յետոյ գաթան բաժնեց: Բախտաւոր հանդիսացաւ Ֆիքսի Արշալոյս-Ջամալեան խումբը, որուն ելաւ գաթային մէջ դրուած ոսկեդրամը: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը: Ապա՝ հաւաքոյթը շարունակուեցաւ եւրոպական պարերով մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկաները հիւրասիրուեցան Երիտասարդացի կողմէ պատրաստուած աղանդերներու պնակներով, որոնցմէ գոհացուցիչ գումար մը գոյացաւ: