Վերջացող 1961 տարուան ընթացքին, ամերիկացի գիտնականներ նոր տեղեկութիւններ ստանալով Երկրի եւ Ովկէանոսներու մասին, հարստացուցին իրենց գիտելիքները: Գիտական գլխաւոր երկու գիւտեր՝ կեանքի 20 միլիոն տարի առաջ գոյութիւն ունեցած ըլլալուն եւ Երկրի կազմութեան շուրջ նոր տեղեկութիւններ ստացուած ըլլալուն մասին, կատարուեցան ովկէանոսի յատակը եղած փորձերու ընթացքին:
Ամերիկացիները կրցան փորել ովկէանոսի յատակը եւ իջնել 4.000 մեթր խորութիւնները ովկէանեան ջուրերուն տակ: Նախապէս փորուած շրջանը կը հասնէր հազիւ հարիւր մեթր խորութեան մը: Նախնական այս փորձը ցոյց տուաւ, թէ ջուրերուն տակէն երկրին կեղեւը փորելու ծրագիրը, որ զայն յղացողին անունով կը կոչուի Մոհոլիլ ծրագիրը, լուրջ կերպով մտածուած ծրագիր մըն է: Խումբը Մեքսիկայի Արեւմտեան եզերքը փորած ատեն, Խաղական ովկէանոսի յատակը գտած է 100 ոտնաչափ երկարութեամբ կակուղ տիղմի խաւ մը: Հոն գտնուած եւ բոյսերու բրածոներէ կազմուած հնութիւններէն յայտնի եղաւ, որ 7 միլիոն տարի առաջ ովկէանոսի յատակին կեանք կար, այսինքն կեանքի սկզբնաւորութեան գնահատումը կը հասնի 20 միլիոն տարուան: Երկրորդ գիւտը պատահեցաւ, երբ գիտնականները, փորելով ջուրերուն յատակը, 560 ոտնաչափ խորութեան մէջ գտան մանրուած փոշիներու իրարու վրայ գալէն կազմուած ամենակարծր տեսակէն բազալտ ժայռ մը: Ովկէանագրական ուրիշ փորձի մը միջոցին, Գոլոմպիա համալսարանի գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով ծովուն յատակը զետեղուած գործիքի մը միջոցով մագնիսական ժապաւէնի մը վրայ կրցան արձանագրել երկրաշարժային նշանները: Գործիքը մխուած կը մնայ Ատլանտեան ովկէանոսի աւազներուն 5.600 մեթր խորութեան մէջ: Այս գործիքը կրնայ արձանագրել ստորերկրեայ շարժերուն ամենատկարն ալ, որովհետեւ ծովերուն յատակը մթնոլորտային միջամտութիւնները ցամաքներու վրայ եղածներէն անհամեմատ աւելի նուազ են: