Կոշտ ու կոպիտ քարն անգամ հայուն ձեռքին մէջ կրնայ դառնալ զարմանահրաշ գիւտերու աղբիւր: Արդարեւ, տարբեր ի՛նչ մեկնաբանութիւն տալ «Սովետական Հայաստան»-ի հաղորդած այն լուրին,
թէ Կալինինոյի շրջանին մէջ գտնուող Շահնազար գիւղին տուֆի քարահանքէն արտահանուած կարմիր քարէն կը պատրաստուի չոր, կարմիր ներկ մը, միակը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս ներկին առանձնայատկութիւնը այն է, որ գունաւորելով առարկան՝ կը միահիւսուի անոր բիւրեղներուն հետ եւ ներկը կը դառնայ դիմացկուն: Այս տարի արդէն արտադրած են հազար թոն կարմիր ներկ: Ներկայիս Կալինինոյի մէջ կը շինուի ներկի նոր գործարան մը, որուն արտադրութիւնը պիտի սկսի 1962-ին:
Հայագիտութեան զարգացումը յառաջ կը տարուի Հայաստանի մէջ, յատկապէս՝ Երեւանի համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնին կողմէ: Ամպիոնը հաւաքական ուժերով ապահոված է դասաւանդուող առարկաներուն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու դասագիրքերը: Կազմուած եւ արդէն տպագրութեան յանձնուած է ռուսական դպրոցներու աշակերտներուն համար հայոց լեզուի դասագիրքը: Ասկէ զատ, շուտով լոյս պիտի տեսնէ Գ. Սեւակի «Հայերէնի ոճաբանութիւնը», որմէ ետք՝ նոյն հեղինակին պատրաստած հայերէն շարահիւսութեան դասագիրքերը, միշտ բարձրագոյն ուսումնարաններուն համար: Փրոֆ. Ս. Ղազարեան հեղինակն է հայոց լեզուի պատմութեան եւ գրաբարի դասագիրքերուն: Դասագիրքեր կամ գիրքեր պատրաստած են նաեւ ամպիոնին կարգ մը միւս անդամները: Դոցենտ Յովհաննէս Բարսեղեան երկար տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի հայկական տեղանուններու բառարանի կազմութեան վրայ:
Արեւելեան Գերմանիայէն խումբ մը բնագէտներ այցելած են Հայաստան ու ծանօթացած Հայաստանի մէջ բուսնող դեղաբոյսերուն, միեւնոյն ատեն հետաքրքրուած են այդ ասպարէզին մէջ հայ բուսաբաններուն կատարած աշխատանքներով: