Օրէ օր կը փոխուի եւ կը գեղեցկանայ Կիրովականի համայնապատկերը: Արդարեւ, մեծ թափով յառաջ կը տարուին բնակելի տուներու, դպրոցներու, ակումբներու եւ այլ շէնքերու շինութիւնները:
Վերջին ամիսներուն աւարտած շինութիւններէն է քաղաքին նոր պանդոկը, որուն պահանջը զգալի էր տարիներէ ի վեր: Նոր աւարտած պանդոկը ունի ամէն յարմարութիւն: Տասնեակ տարիներէ ի վեր թատրոնի համար կը գործածուէր յարմարութիւններէ զուրկ շէնք մը, այժմ վերանորոգուած է եւ դարձած արդիական շէնք մը: Շինուած են նաեւ նոր գիշերօթիկ դպրոցին յարակից շէնքերը, 3300 երեխաներու համար: Ասոնց համար հաստատուած է նաեւ «Մանկական նոր կեդրոնը»՝ օժտուած մսուրով եւ հարիւր հոգինոց մանկապարտէզով մը: Մեծ չափով ընդարձակուած է նաեւ քաղաքին առողջապահութեան ցանցը: Շինուած են դարմանատուն մը եւ 150 մահճակալ ունեցող հիւանդանոց մը. վերջապէս, շարք մտած են հագուստներ պատրաստող եւ նորոգող արհեստանոցներ:
Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը, բարձր լեռներու գիրկին մէջ կը գտնուի Նոյեմբերեանի շրջանը: Շրջանը ծանօթ է իր ընդարձակ մրգաստաններով, ուր կը բուսնին դեղձ, խնձոր, տանձ, ծիրան եւ այլն: Իսկ անծայրածիր անտառները հարուստ են նաեւ վայրի պտուղներով եւ հատապտուղներով, որոնցմէ ամէն տարի կը պատրաստուին մեծ քանակութեամբ անուշահամ պահածոներ: Ծով մրգաստաններու այս առատ բերքը վերամշակելու համար շրջանի Այրի գիւղին մէջ շինուեցաւ պահածոներու գործարան մը:
Հմայիչ եւ գեղեցիկ է Մանթաշի ձորը: Հոս դարերէ ի վեր ուրախ խոխոջիւնով կը հոսի Զարանզու գետը, որուն ջուրը ջինջ եւ սառնորակ է: Շրջանի գիւղացիներուն ջանքերով պիտի շինուի մեծ ջրամբար մը, 6-7 միլիոն խորանարդ մեթր ջուրի տարողութեամբ, որ պիտի ոռոգէ 4600 հեկտար տարածութիւն մը: Ամբարտակը պիտի ունենայ 400 մեթր երկարութիւն, 192 մեթր լայնութիւն եւ 27 մեթր բարձրութիւն: