Ազգային եւ միացեալ «Զաւարեան» վարժարանի տօնածառի հանդէսը տեղի ունեցաւ 25 Դեկտեմբերին, Զաւարեան սրահին մէջ, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան:
Հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ յունահայոց առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, Գոքինիոյ աւետարանական համայնքի հովիւ՝ վեր. Գր. Տեմիրճեան եւ տիկինը, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ Գոքինիոյ հայրենակցական եւ մշակութային միութիւններու վարչութիւնները: Բեմը զարդարուած էր ոսկեգոյն թուղթէ աստղերով, իսկ աջ կողմը զետեղուած էր պէս-պիսուն խաղալիքներով բեռնաւորուած աւանդական Կաղանդի ծառը: Մանկապարտիզպանուհի տիկ. Արփինէ Մխիկեանի շուրջ բոլորուած կայծկլտուն աչուկներով հայորդիները իրենց անմեղունակ երեւոյթով եւ գեղեցիկ արտասանութիւններով ու խմբերգներով, ինչպէս նաեւ տրամախօսութիւններով՝ սրահին մէջ ոգեւորութիւն ստեղծեցին եւ ներկաներէն բուռն ծափահարութիւններ խլեցին: Հանդէսի առաջին մասը որ Մանկապարտէզին յատկացուած էր, լրացաւ յաջողութեամբ: Ապա՝ վարժարանի տնօրէն պրն. Սօս-Վանի քանի մը խօսքով շնորհաւորեց ներկաները Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի առթիւ եւ յարգելի ծնողներուն թելադրեց միշտ մօտէն հետաքրքրուիլ մեր եկեղեցիով ու դպրոցով՝ տրուած ըլլալով որ այս երկու ազդակներուն շնորհիւ պիտի կրնան գոյատեւել մեր ազգն ու մեր հայրենիքը: Նախակրթարանի բաժնի հանդէսին ընթացքին տեղի ունեցան հայերէն եւ յունարէն գեղեցիկ տրամախօսութիւններ: Մասնաւոր յաջողութիւն արձանագրեց տիկ. Ալիս Ֆարաճեանի կողմէ պատրաստուած «Բախտի Բանալին» կտորը, որ բոլորովին նորութիւն մը ըլլալով՝ ջերմ ծափերու արժանացաւ: Հանդէսի վերջաւորութեան՝ փոքրիկներուն բաժնուեցան նուէրներ Գոքինիոյ Հ. Կ. Խաչի կողմէ: Նաեւ Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը նուիրած էր այս տարուան տօնածառը եւ Կաղանդ Պապուկի հագուստը: