Կեսարիայէն կը գրեն.- Մեր քաղաքի եւ շրջակայ եկեղեցավարչական հոգեւոր կեանքը խիստ նախանձելի է: Ժողովուրդը առաւօտ իրիկուն խուռներամ կը փութայ եկեղեցի, ուր կանոնաւոր կերպով տեղի կ՛ունենան արարողութիւններ անխափան:

Ամբողջ ժողովուրդը գործի տէր ու ինքնաբաւ է: Թաղական խորհուրդը, որ երիտասարդ տարրերէ կազմուած է, մեծ հոգ կը տանի եկեղեցւոյ ներքին թէ արտաքին խնդիրներուն մասին խիստ բծախնդրօրէն: Ձմեռը շատոնց հասած է ու մինչեւ 15 սանթիմ ձիւնը պատած է քաղաքս ու շրջակայքը: Բարեբախտաբար 2 օրուան հարաւային տաք հովը հալեցուց ձիւները, ու այսօր կը վայելենք խիստ աշնանային գեղեցիկ օդ մը: Առաջնորդական փոխանորդ Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան 25 տարիէ ի վեր պարտաճանաչութեամբ կը կատարէ իր պաշտօնը՝ յարգանք պարտադրելով բոլորին: Կառավարական շրջանակներու մօտ ալ յարգանք ու պատիւ կը վայելէ: Ուսեալ   ու պատրաստուած եկեղեցական մըն է:


Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 1961, երեկոյեան ժամը 6:30-ին գումարուեցաւ Լիբանանի հայոց Ազգային գաւառական ժողովը, Ս. Նշան Ազգային բարձրագոյն վարժարանի ընդարձակ սրահին մէջ: Ժողովին կը նախագահէր թեմակալ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս: Սրբազան հօր աղօթքով ու բարի գալուստի մաղթանքով բացուեցաւ ժողովը: Կարդացուեցան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները 24 եւ 26 Նոյեմբեր 1961-ին տեղի ունեցող Ազգ. գաւառական ժողովոյ մէկ հին- գերորդի վիճակով դադարեալ եւ յաւելեալ 14 աշխարհական եւ եկեղեցական երեսփոխաններու ընտրութեան մասին եւ  յետ ընտրական թղթածրարի քննութեան՝ վաւերացուեցան համաձայն Ազգ. սահմանադրութեան: Այս ձեւով Ազգ. գաւառական ժողովոյ երեսփոխաններուն թիւը 28-էն բարձրացաւ 42-ի: Ապա, տասը վայրկեանի դադարէ մը վերջ,  գաղտնի քուէարկութեամբ կատարուեցաւ մայր դիւանի ընտրութիւնը: