Ստացած տեղեկութեանց համաձայն, Հայկազեան քոլեճը պատրաստած է երրորդ եւ երկյարկ հրթիռը, որ նախորդներէն աւելի մեծ է եւ աւելի կատարելագործուած: Լիբանանեան բանակի մասնագէտները կապի մէջ մտած են հաստատութեան տնօրէնութեան հետ եւ ծանօթացած ծրագրին: Այժմ ուսումնասիրութեան տակ է արձակման վայրը եւ ժամանակը: Այս երրորդ փորձին ներկայ պիտի ըլլան բանակի եւ մամուլի ներկայացուցիչները:

Ուաշինկթընէն կը գրեն, թէ «Քանկրէշընըլ Ռեքըրտ» Քանկրէսի պաշտօնաթերթին մէջ արտատպուած է «Հայրենիք ուիքլի»ի Մայիս 18-ի խմբագրականը՝ «Կակարին եւ Աստուած» խորագրով: Խմբագրականը Քանկրէսին ներկայացուցած է ծերակուտական Քարլ Ի. Մունտ, որ բացատրելէ ետք, թէ «Հայրենիք ուիքլի» լոյս կը տեսնէ «Հայրենիք» ընկերակցութեան կողմէ, Պոսթըն, աւելցուցած է. «Խմբագրականը արդիւնաւոր կերպով ցոյց կու տայ տարբերութիւնները մեր ազատ ընկերութեան եւ Խ. Միութեան միջեւ, ու արժանի է պաշտօնակիցներուս ուշադրութեան: «Գրուած է՝ ռուս հազարապետ Կակարինի անջրպետի թռիչքին առթիւ, զոր Խ. Միութիւնը գործածեց իր անաստուածական քարոզչութեան համար: Խմբագրականը կը յիշեցնէ, թէ անաստուածութիւնը չէ մեռած Խորհրդային Միութեան մէջ, այլ՝ շատ արթուն է»:

Վերջերս, Ժընեւի հայ Տիկնանց միութիւնը, կազմակերպած է գրական, գեղարուեստական եւ պարանցիկ երեկոյթ մը, գործակցութեամբ Հայ Ուսանողական Միութեան, Գաղութահայ վարչութեան եւ Եկեղեցասիրաց միութեան: Ներկայ եղած են բազմաթիւ երկսեռ ազգայիններ: Շատեր եկած են նաեւ Լոզանէն եւ Թոնոնէն: Երեկոյթը սկսած է ճաշով, որ տեւած է երկու ժամ: