Քանի մը տարի առաջ, երբ Գոքինիոյ հոծ հայութեան կարեւոր մէկ մասը փոխադրուեցաւ զանազան շրջաններու մէջ կառուցուած բազմայարկանի շէնքերու մէջ, յուսալքումի շրջան մը ապրեցանք։ Եւ յաճախ, մամուլի էջերէն՝ մեր մտահոգութիւններու մասին արտայայտուեցանք։ Սակայն, ժամանակը եկաւ ապացուցանելու՝

թէ մեր մտավախութիւնները այնքան ալ ճիշդ չէին։ Որովհետեւ, կարճ շրջանէ մը ետք, նախկին եռուն կեանքը վերսկսաւ Գոքինիոյ մէջ։ Այսօր անվարան կրնանք ըսել՝ թէ Հ. Կ. Խաչը, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց Միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Համազգայինի երգչախումբը պատնէշի վրայ են դարձեալ։ Անոնց առընթեր՝ լռիկ-մնջիկ կը գործէ նաեւ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութիւնը։ Առաջին գիծին վրայ կուգայ Հ. Կ. Խաչը, որ իր գոյութեան երկար տարիներու ընթացքին, իր կրթական, բարեսիրական ու մշակութային գործունէութեամբ ինչպէս ամէն տեղ, Գոքինիոյ մէջ եւս իր շուրջ ստեղծած է ամբողջ բանակ մը համակիրներու, որոնք միշտ ալ կը փութան քաջալերելու իր բոլոր ձեռնարկները։ Անցեալ Կիրակի, «Մայրերու Օր»ուան առթիւ, Գոքինիոյ Հ. Կ. Խաչը «Զաւարեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր գեղեցիկ հանդէս մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հայ մայրեր եւ անդամուհիներ։ Օրուան նախագահուին՝ երկարամեայ վարչական եւ նուիրուած խաչուհի տիկ. Մարի Սանթուրեան, իր բացման խօսքով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ գործադրութեան դրաւ յայտագիրը։ Ազգային ու Զաւարեան Միացեալ վարժարանի աշակերտները ըրին գողտրիկ արտասանութիւններ ու տրամախօսութիւններ՝ արժանանալով ջերմ ծափերու։ Նուագի ընկերակցութեամբ զոյգերու պարը եւս ջերմ ծափեր խլեց ներկաներէն։ «Մայրերու Օր»ուան առթիւ, խօսելու հրաւիրուած էր օր. Ալիս Կարապետեան։ Ան ծանրացաւ մայրերու նուիրական պարտականութեանց, մօր ու զաւկի փոխ¬յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ մանուկին դաստիարակութեան եւ անոր ապագային համար տարուելիք անհրաժեշտ աշխատանքներու վրայ։ Նաեւ՝ վեր առաւ հայ մօր դերը հայապահպանման ու նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ծանր գործը։