50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Մարտ 20ին, Թեսաղոնիկէի «Ֆիլոբթոխոն»ի ընդարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Գթ. Խաչի Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընտանեկան երեկոյթը։ Ներկայ էին՝ գաղութի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Անուշաւան Քհնյ. Յարութիւնեան, Ազգ. Իշխանութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան, «Ադամեան» թատերասիրացի, Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց Միութեան վարչական կազմերը եւ ստուար թիւով երկսեռ հայրենակիցներ, որոնք փութացած էին քաջալերելու իրենց սիրած միութեան ձեռնարկը եւ քանի մը հաճելի ժամեր անցնելու հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Հաւաքոյթը բացաւ վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Վարդուհի Պէրպէրեան, որ նշելէ վերջ մեր գաղութին մէջ Գթ. Խաչի կատարած նախախնամական դերը, իր ջերմ շնորհակալութիւնները յայտնեց Թեսաղոնիկէի հայ հասարակութեան, որ միշտ եւ անվերապահօրէն քաջալերած է Միութեան բոլոր ձեռնարկները։ Ապա հրաւիրեց Տէր Հայրը՝ օրհնութեան քանի մը խօսք ընելու։ Արժանապատիւ Տէր Հայրը՝ ընդառաջելով հրաւէրին՝ ծանրացաւ հայ ժողովուրդի գթասրտութեան, ինչպէս նաեւ անոր շինարար եւ ստեղծագործ ոգիին վրայ, կենդանի օրինակներ բերելով հայոց պատմութեան զանազան շրջաններէն։ Վեր առաւ Սփիւռքի մէջ հայ իգական սեռի կատարած ազգաշէն գործը, Հ.Օ.Մ.ի դրօշին տակ եւ իր օրհնութիւնները տուաւ բոլոր անոնց, որոնք կը ծառայեն ազգին ու կը սատարեն ազգապահպանման մեր զոյգ կռուաններուն՝ դպրոցին եւ եկեղեցիին բարգաւաճումին։ Հ.Օ.Մ.ին ձօնուած սիրուն արտասանութիւն մը ըրաւ փոքրիկն Նարկիզ Ղարիպեան, որուն յստակ առոգանութիւնը եւ արտասանելու շնորհը ջերմօրէն ծափահարուեցան բոլոր ներկաներէն։ Տիկին Նուարդ Խաչատուրեան զոյգ մը տոհմիկ քաղցրալուր մեներգներ ընելով՝ խանդավառեց բոլոր ներկաները։ Յայտագրի աւարտումէն ետք, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան Գթ. Խաչի քոյրերուն կողմէ պատրաստուած համեղ աղանդերներու ճոխ պնակներով եւ կերուխումը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր հայկական երգերով, եւրոպական պարերով ու խմբապարերով։