Թուրք մամուլը, հարազատ թարգմանը թուրք վարիչներու մտայնութեան, անհանգիստ վիճակ մը կը պարզէ: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով խումբ մը անձնաւորութիւններ յանդգնա՜ծ են Հայ Դատը ներկայացնել Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարին՝ պահանջելով, որ միջազգային

կազմակերպութիւնը վերահաստատէ 2500 տարուան անցեալ ունեցող ազգի մը անկախութիւնը՝ Սեւրի դաշնագրին տրամադրութեանց համաձայն: «Հայերը Մ.Ա.Կ.ին դիմեցին, թուրք հողերուն վրայ կþուզեն Հայաստան հիմնել» զոյգ խորագիրներու տակ «Ագշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ յուշագրի յանձնումին լուրը, հրատարակելով նաեւ քարտէս մը՝ «Մեծ Հայաստան» անունով: Թուրք թերթը կþարտատպէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» գործակալութեան լուրը, որ տրուած է Մ.Ա.Կ.ի կեդրոնէն, եւ որուն մէջ կþըսուի.- Մ.Ա.Կ.ի խօսնակներէն մէկը հաղորդեց, թէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի պաշտօնատեղիին մէջ շահագրգիռ անձնաւորութիւն մը ստացած է Մ.Ա.Կ.ին յանձնելի յուշագիր մը Հայաստանի մասին: Յուշագիրը կը պահանջէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն՝ օժանդակել վերակազմութեանը անկախ Հայաստանի մը՝ Խորհրդային Միութենէն եւ Թուրքիայէն կցած հողամասերու վրայ: Խմբակ մը, որ ինքզինք կþանուանէ «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն» եւ իբրեւ հասցէ՝ ցոյց կու տայ վայր մը Նիւ Եորքի մէջ, Հինգշաբթի մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց յուշագրին մասին: Այս հաղորդագրութեան առնչութեամբ հարցապնդուելով՝ Մ.Ա.Կ.ի վերոյիշեալ պաշտօնատարը հետեւեալ տեղեկութիւնները տուաւ ներկայ լրագրողներուն: «Այս խմբակին մաս կազմող չորս անձերը երէկ կէսօրէ ետք եկան ընդհանուր քարտուղարութեան դիւանը ու տեղւոյն պաշտօնատարներէն Ռոպին Միլլըրի այցելելով, յուշագիր մը տուին՝ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին յանձնելի: «Բնական եւ պատահական բան մըն է, միւս կողմէ, նման պատուիրակութիւններու այցելութիւնը եւ այլազան բնոյթով յուշագրերու յանձնումը: Հետագային գրաւոր կերպով եւ պաշտօնապէս կը հաղորդուի իրենց՝ այդ գրութեան ստացումը, ըստ կանոնի»: