Հայկազեան քոլեճի հայագիտական դասախօսութեանց շարքէն երկրորդը տեղի ունեցաւ նախորդ Երկուշաբթի: Դասախօսն էր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, հմուտ ուսումնասիրող դաստիարակ մը միանգամայն:
Որպէս նիւթ ընտրած էր «Հնդկահայոց նպաստը՝ հայ մշակոյթին» նիւթը: Կրցաւ այդ ընդարձակ նիւթը սեղմ գիծերով ներկայացնել մեզի: Նախ ամփոփ կէտերու մէջ տուաւ գաղութի պատմականը: Նշեց, որ հնդկահայ մշակոյթին թափանցելու համար պէտք է հասկնալ Մատրասի հնդկահայ մշակոյթ, որովհետեւ այդ քաղաքին փոքրաթիւ հայութիւնն է, որ տուած է մեզի մշակոյթ մը, որ զարգացած է 1770-1825-ական թուականներուն: Առաջին հայը, որ կը յիշուի Հնդկաստանի մէջ Մար Թովմա Կանս անունով հայ մըն է, որ գացած էր քրիստոնէութիւնը քարոզելու: Իսկ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան կ՛ըսէ, թէ ԺԶ. դարուն հայ վաճառականներ կային Մատրասի եւ Կօաի մէջ: 1664-ին Մատրասի քաղաքապետը Մարկոս Ըռըզար անունով հայ մը եղած է, իսկ 1698-ին Ղգազնօ անունով ուրիշ հայ մը: Շահ Աբբասի օրով դէպի Պարսկաստան բռնի գաղթած հայերէն ոմանք Հնդկաստան կ՛անցնին, ուր կարելի էր վաճառականութեամբ զբաղիլ: Ասոնք եղած են բուն գաղութը կազմողները: Գալով մշակոյթին, դասախօսը թուեց երեք կէտեր, որոնք անհրաժեշտ են՝ կերտելու համար զայն.- նախ տնտեսական որոշ բարձր դիրք մը, ապա գաղափար, եւ այս երկուքը իրարու շաղախող իտէալ: Մատրասահայերը նիւթապէս բարգաւաճ վիճակի մը տիրացած էին շնորհիւ իրենց վաճառականական ոգիին: Իսկ որպէս իտէալ ունէին հայրենիքը եւ անոր անկախութիւնը: Մատրասահայութեան մէջ հայրենասիրութեան ոգին միշտ բարձր մնաց, եւ այդ է պատճառը, որ 298 հոգինոց – 61 ընտանիք – գաղութ մը մեզի կու տայ անգնահատելի մշակոյթ մը: Հնդկահայոց մշակոյթը կարելի է բաժնել հինգ ճիւղերու.- Ա.- Բարեսիրական – Բ.- Տպագրական- Գ.- Լրագրական-Դ.- Թատերական-Ե.- Քաղաքական: