Վարդանանցի տօնին առիթով, Կիրակի օր, Փետրուար 20ին, Գոքինիոյ Սրբ. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գոքինիոյ Ազգային եւ Զաւարեան Միացեալ վարժարաններու աշակերտութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդէս մը։ Բարձրագոյն դասարաններու աշակերտութեան կողմէ տեղի ունեցան խմբերգներ եւ արտասանութիւններ, բոլորն ալ նուիրուած Վարդանի ու Աւարայրի յիշատակին։ Օրուան նուիրականութեան մասին խօսեցան՝ Գոքինիոյ Հոգեւոր Հովիւ Մատթէոս Քհնյ. Բարաղամեան եւ զոյգ վարժարաններու տնօրէնուհի՝ տիկին Ալիս Ֆարաճեան։ Երկու ատենախօսներն ալ հակիրճ պատմականը ըրին Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր քաջ զինակիցներու անձնուիրութեան եւ հայրենասիրական ոգիին։ Անոնք՝ ¬ շեշտեցին ատենախօսները ¬ հերոսաբար կռուեցան իրենցմէ հազարապատիկ աւելի զօրաւոր բանակներու դէմ, եւ առանց նկատի առնելու իրենց անձը, զոհուեցան, որպէսզի մեզ ապրողներուս, ժառանգ ձգեն քրիստոնէական հաւատքը, ինչպէս նաեւ ազատ եւ անկախ ապրելու գաղափարը։ Մենք վերապրողներս սրբազան պարտականութիւն ունինք մեր զաւակներուն ու թոռներուն ջամբելու Վարդանանց ոգին, ներմուծելու անոնց մատաղ  հոգիներէն ներս եկեղեցիի, կրօնքի եւ ազատութեան արժէքները, որոնց սիրոյն դարեր առաջ ողջակիզուեցան մեր նախահայրերը։ Պէտք է բարձր պահենք անոնց մեզի ձգած ժառանգութիւնը, պէտք է սիրենք հայ լեզուն, պաշտենք հայ եկեղեցին ու դպրոցը, եւ միշտ պէտք է մեր սրտին մէջ վառ պահենք ազատութեան սէրը։ Հուսկ ուրեմն, Տէր հայրը եւ տիկին Ֆարաճեան սրտագին կոչ ըրին երկսեռ ծնողներուն՝ որ ուշադիր ըլլան իրենց զաւակներուն հայեցի կրթութեան, զօրավիգ կանգնին եկեղեցիին ու դպրոցին՝ որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել մեր ազգին գոյութիւնը հիւրընկալ ափերու վրայ։