- Բիրէացի ծանօթ լրագրողներէն պրն. Գոսթաս Թրինկածիս, շաբաթ մը առաջ լոյս ընծայեց «40 տարուան սկաուտական շարժում» խորագրով շահեկան գիրք մը։ Հատորը կը բաղկանայ 116 ընդարձակ էջերէ, ուր կան բազմաթիւ անտիպ նկարներ՝ Գոքինիոյ եւ Բիրէայի սկաուտական կեանքէն առնուած։ Պրն. Թրինկածիս, ձեռնհասօրէն կը նկարագրէ ու պատմականը կþընէ 1924էն

մինչեւ մեր օրերը՝ սկաուտական շարժումին ու վեր կþառնէ աթլէթիզմին եւ սկաուտիզմին բարիքները նոր սերունդի եւ պատանեկութեան մօտ։ Յարգելի հեղինակը իր գրքին մէջ կը խօսի նաեւԳոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու մասին։ Գովեստով կ'արտայայտուի հայ մարզիկներուն, սկաուտներուն ու գայլիկներուն մասին, նշելով անոնց օրինապահութիւնն ու մարզասիրական բարձր ոգին։ Այս առթիւ կը յիշատակէ անունները խմբապետներ՝ Պերճ Գրիգորեանի, Կարօ Աւագեանի, Գէորգ Աւագեանի եւ Խաչիկ Չոլաքեանին։ Պէտք է ըսել նաեւ որ պրն. Թրինկածիս խմբագրապետն է Բիրէայի «Փարաթիրիթիս» շաբաթաթերթին ու ջերմ բարեկամը հայերուն։ Իր թերթին մէջ յաճախ արձագանգ եղած է հայկական ձեռնարկներու եւ հանդէսներու։

- Պոսթընի համանուագային նուագախումբը, խմբավարութեամբ Էրիք Լայնստորֆի, Մեթրոփոլիթըն օփերային կþընկերանայ Փարիզ՝ Մարտի սկիզբը: Յայտագիրը կը բաղկանայ գլխաւորաբար «Ֆիկարոյի հարսնիք»էն՝ դերակատարութեամբ հայազգի աշխարհահռչակ երգչուհի Լուսին Ամարայի:

- Տոնիզեթթիի անծանօթ գործերէն՝ «Ռոպերթօ Տըսրէօ» օփերայի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ այս տարի «Քառնեկի հոլ»ի մէջ՝ նախաձեռնութեամբ Ամերիկեան օփերայի ընկերութեան: Հայազգի մեծանուն երգչուհի Լիլի Ղուկասեան, Էլիզապէթի եւ Էսեքսի պատմութեան մէջ, մեծ յաջողութեամբ ստանձնեց Նոթինկհամի դքսուհիին դերը: Այս առթիւ «Թայմզ» Լիլի Ղուկասեանին նկարը իր առաջին էջին վրայ տալով՝ ներբողը կը հիւսէ հայազգի տաղանդաւոր երգչուհիին: