50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Ինչպէս կանխաւ յայտարարուած էր, Կիրակի՝ 13 Փետրուարին, Աթէնքի շքեղագոյն պանդոկներէն «Աքրոբոլ Փալաս»ի զոյգ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի եւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի բարեկենդանեան տարեկան միացեալ պարահանդէսը։ Ձեռնարկը՝ եկաւ անգամ մը եւս ապացուցանելու, որ հայ իրականութեան մէջ անզուգական կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը, գործակցաբար մեր գաղափարական երկսեռ երիտասարդութեան հետ, շարունակական վերելքի մէջ է եւ լիուլի կþարդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։ Կազմակերպուած, խնամուած եւ լաւագոյնս ներկայացուած։ Այս բառերով կրնանք մէկ ամփոփ պատկերը տալ պարահանդէսին, շրջաններու մէջ հայրենակիցներուն ու բոլոր անոնց, որոնք զանազան պատճառներով բախտը չունեցան ներկայ գտնուելու։ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի տիկին Սոնա Ներսէսեան, մէկ քանի խօսքերով կատարեց պարահանդէսին բացումը։ Յետոյ, Երիտասարդացի անդամները, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան տիկիններու հսկողութեան տակ, ներկաներուն իբրեւ նուէր բաժնեցին քոթիյոններ՝ գեղեցիկ ծրարներու մէջ։ Երիտասարդացի պարախումբը, օր. Սոնա Պէրպէրեանի ղեկավարութեամբ, պարեց տոհմիկ գեղեցիկ պարեր։ Ժամը ճիշդ 12ին տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառումը եւ բախտաւորները շահեցան արժէքաւոր նուէրներ։ Յունահայութեան այս անվերապահ աջակցութիւնը, որուն արժանացած են միշտ այս զոյգ կազմակերպութիւնները իրենց բոլոր ձեռնարկներուն մէջ, մեծապէս յուզեց բոլորս եւ կազմակերպիչ յանձնախումբը կրկին ու կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ բարձրախօսով։ Հետեւեալ օրը, գործի օր ըլլալով հանդերձ, ոգեւորութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամերը ու կարելի է վստահօրէն ըսել՝ որ եթէ Կիրակի չըլլար, Ատտիկէի մշտափայլ արեւուն առաւօտեան ճառագայթները պիտի գային միանալու երազներուն եւ յոյսերուն, այս ափ մը հայութեան, որ անգամ մը եւս ազգային արժանապատուութեան եւ հպարտութեան զգացումներով տոգորուած մեկնեցաւ սրահէն։