25 Յունիսին, Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց Դաշնակցութեան 28-րդ պատգամաւորական ժողովի բացման հանդէսը տեղի ունեցաւ մեծ եւ բացառիկ շուքով, Փրովիտենսի Շերաթոն-Պիլթմոր պանդոկին մէջ: Բացման այս փառաշուք հանդէսին ներկայ գտնուած են Ռոտ Այլընտ նահանգի կառավարիչը, ծերակուտական Փասթորտ,
Աշխարհի գործերու խորհուրդի տնօրէն Մարճըրի Վալնել, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Միւս կողմէ, նոյն օրը, Քանատայի Համիլթըն քաղաքին մէջ ՀՕՄ-ի պատգամաւորական ժողովին առթիւ գործադրուած է հետաքրքրական յայտագիր մը: Այդ մեծաշուք հանդիսութեան ներկայ գտնուած է Հայ Օգնութեան Միութեան «մայր» եւ մեծ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան եւ խօսած է Ճորճ Մարտիկեան: Երգած է հանրածանօթ երգչուհի Տոլորէս Տէրտէրեան: Հաւաքոյթին ներկայ գտնուած է նաեւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշ:
Նիւ Եորքի Հայ գրականութեան բարեկամներու միութիւնը շատ յաջող յարգանքի երեկոյ մը կազմակերպեց, վաստակաւոր դերասան Եդուարդ Չափրաստի յիսնամեայ թատերական գործունէութեան առիթով, Նիւ Եորքի Մարթինիք պանդոկին մէջ: Խօսեցան Ճորճ Մարտիկեան, Յ. Խաշմանեան, փրոֆ. Մ. Սեւակ, Արամ Աֆարեան, Հրանդ եպիսկոպոս Խաչատուրեան ու ինք՝ Չափրաստ: Ներկայ էին զանազան հայ դերասան-դերասանուհիներ, հանդէսը վարեց Արշակ Սահակեան, միութեան ատենապետը, իսկ դերասանին կենսագրութիւնը ներկայացուց Մինաս Մինասեան: Արտասանեցին դերասան-սիրողներ, Անուշ Գրիգորեան, տիկին Գալուստեան, Մկրտիչ Նուրհան:
Ֆիլատելֆիոյ հայութիւնը, ՀՅԴ Ֆիլատելֆիոյ կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տօնած է Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձը, Հայ ազգային սրահին մէջ, գեղեցիկ յայտագիրով մը: