- Ուրախութեամբ կþիմանանք, թէ յայտնի գրագէտ Համաստեղի ծննդեան 70ամեակին առթիւ, ամերիկահայ կարգ մը մտաւորականներ նախաձեռնարկ եղած են Ամերիկայի եւ արտասահմանեան երկիրներու մէջ արժանավայել շուքով յարգանքի եւ յոբելինական հանդէսներ կազմակերպելու։ Նախաձեռնարկ մտաւորականները մօտ ատենէն պիտի ստեղծեն Կեդրոնական Յանձնախումբ մը, որպէսզի թէ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ արտասահմանեան գլխաւոր երկիրներու մէջ յոբելինական հաւաքոյթներ կազմակերպուին։ Համաստեղ ¥իսկական անունով Համբարձում Կելէնեան¤ ծնած է Խարբերդի Փերչէնճ գիւղը 1895ին։ Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին ¥1914ի սկիզբները¤ հաստատուած է Ամերիկա, ուր հետեւած է համալսարանական դասընթացքներու, միեւնոյն ատեն աշխատելով օրապահիկի համար։ Հրատարակած է եօթը հատորներ եւ աշխատակցած շատ մը ամսագրերու, պարբերականներու եւ թերթերու։
- Յատուկ հրաւէրով՝ Պուքրէշէն Աթէնք ժամանած է Ռումանիոյ մայրաքաղաքի Պետական Օփերայի հայազգի անուանի երգիչ Դաւիթ Յովհաննէսեան, որ այսօր պիտի մասնակցի Փուչինիի «Թոսքա» օփերայի ներկայացման, որով Աթէնքի Ազգային Օփերան ¥Լիրիքի Սքինի¤ կը կատարէ եղանակին բացումը։