- Երեւանի ջերմային ելեկտրակայանին մէջ վերջերս հաստատուած է ծնուցիչներու վեցերորդ ու վերջին խումբը։ Երբ 150.000 քիլովաթնոց այս խումբը գործել սկսի, ջերմային ելեկտրակայանը օրական մօտ երկու անգամ աւելի ելեկտրական հոսանք պիտի արտադրէ, քան Հայաստանի բոլոր ջրաելեկտրակայանները միասին առած։ Կայանին կառուցումը բոլորովին աւարտած պիտի ըլլայ 1967ին։ Ջերմային նոր ելեկտրակայաններ կառուցուիլ սկսած են նաեւ Կիրովականի եւ Հրազդանի մէջ։ Անոնք ելեկտրական հոսանք պիտի հայթայթեն քիմիական արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններուն, որոնք ներկայիս կը կառուցուին Հայաստանի մէջ։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Փարիզի մեր թղթակիցը կը գրէ.- Կիրակի գիշեր, Նոյեմբեր 7, «Փլէյել» սրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան (2500 հոգի, բերնէ բերան լեցուն սրահ) եւ կազմակերպութեամբ Հայկական ուսմանց կեդրոնին (Centre d’Etudes Armeniennes), տեղի ունեցաւ «Armenia 1915» ջարդերու մասին վաւերաթուղթերու եւ լուսանկարներու լուսարձակումով ցուցադրութիւն, ժապաւէնի վրայ առնուած ֆրանսերէն բացատրութիւններով: Ֆրանսերէնով խօսք առին Հայ. Ուսմանց Կեդրոնի վարիչներէն Կարապետեան, Խայիկեան եւ Նազարեան եւ լայն տեղեկութիւններ տուին ցուցադրուած նկարներուն, Եղեռնի յիսնամեակին եւ հայ ժողովուրդի հողային պահանջներուն մասին: Շեշտեցին արդարութիւնը Հայ Դատին եւ անհրաժեշտութիւնը հայկական պահանջներու գոհացման, ընդգծելով, որ այս հարցին մէջ սփիւռքի հայութիւնը միակամ է: Հանդէսին վերջաւորութեան կարդացուեցաւ պատճէնը այն հեռագրին, որ Հայկական ուսմանց կեդրոնը նոյն երեկոյ պիտի յղէր Անգարա՝ պահանջելով, որ Մ.Ա.Կ.ի մէջ Ցեղասպանութեան արարքը դատապարտող յօդուածը ստորագրող երկիրներէն Թուրքիան, Թալէաթի աճիւնները փոխադրէ անհատական շիրիմի մը մէջ եւ քանդէ Պոլսոյ Ազատագրութեան բլուրին վրայ բարձրացող Թալէաթի յուշարձանը: Հանդէսին ներկայ էին բազմահարիւր ֆրանսացիներ, լրագրողներ եւ անձնաւորութիւններ: