50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Յունաստանի մէջ հաստատման եօթներորդ տարուոյ բարեբաստիկ առիթով, մեր խօսքը այսօր կþուղղենք ձեզի, սիրելի հայ ծնողներ.- «Յարուցեալ Ազգի մը զաւակներն ենք եւ մեզմէն ամէն ոք յիշատակ ու պատգամ մը ժառանգած է իր անվերադարձ նահատակներէն. մաղթանք եւ օրհնութիւն մը՝ մարող շրթունքներէ, երջանիկ ապրելու, երբեք չտեսնելու այլեւս արհաւիրք ու սպանդ...։ Եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ դպրոցներու ի Յունաստան եւս հաստատման այս եօթներորդ տարին մեզ կþառաջնորդէ խորհրդածութեանց։ Ի՞նչ պիտի արժէր Հայց. Առաքելահիմն մեր եկեղեցին, առանց իր հաւատացեալ հարազատներուն. ի՞նչ բանի պիտի ծառայէին հայոց քրիստոնէական կրօնքի սուրբ տաճարները, եթէ անոնք թափուր մնային մեր ժողովուրդի բազմութիւններէն եւ մանաւանդ եթէ կորսուէր եւ անյայտանար մեր ժողովուրդը, եթէ չունենայինք մեր Կիրակնօրեային սլացիկ, արծուաքիթ ու չքնաղ սանվարուժնակները...։ Եթէ երէկ, ժամանակի անագորոյն մէկ պահը փոխանակ տապալելու՝ պողպատեց հայոց կամքը, հաւատքի ուժով անպարտելի եւ անխախտ մնալու դժոխքներու մէջ, այսօրուան բաղդատարար դրախտային ու խաղաղ այս պահերը պիտի չշլացնեն մեր երէկուընէ ի վեր պրկուած ջիղերն ու սեւեռաբիբ աչքերը։ Չկորսնցնելու րոպէ մþիսկ Տեսիլքէն մեր պատմութեան դիւցազնաշարժ անիւին, որուն անցած ճանապարհներու փոշիներուն տակ ինկան մեր միլիոնաւոր եւ անմուրազ նահատակները։ Կոչ կþուղղենք ձեզի, ով հայոց թանկագին ծնողներ։ Փոքրիկ հպում մը ձեզմէ, րոպէական մասնակցութիւն մը ձեր սրտերէն, ուղեկցութեանը համար հայոց պատմութեան դիւցազնաշարժ անիւին, շիւղ մը աւելի փութկոտութիւն, շահագրգռութիւն, հետաքրքրութիւն դէպի մեր հաւատքի խորանն ու եկեղեցին, դէպի պատմութիւնը, աւանդութիւնը, ծանօթ եւ անծանօթ գանձերը Հայց. Եկեղեցւոյն ու մանաւանդ քաջալերանք մը եկեղեցւոյս մէջ Ս. Խորհուրդներով, ծնողասէր եւ եղբայրաճանաչ դաստիարակութեամբ ջամբուող ձեր իսկ հարազատներու հաւատքին...»։