50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
1961ին Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպած առաջին միջ-մասնաճիւղային մարզահանդէսի ստեղծած խանդավառութիւնը եւ ձեռք բերուած մեծ յաջողութիւնը առիթ տուին Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարիչներուն՝ որոշելու ամէն տարի կազմակերպել միջ-մասնաճիւղային մրցումներ: 1965 Սեպտեմբեր 17, 18, 19 տօնական օրեր էին գաղութին հայ հասարակութեան համար: Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դ. միջ-մասնաճիւղային մարզահանդէսն էր: Ակումբը զարդարուած էր գոյնզգոյն լոյսերով եւ ժապաւէններով: Իրաքեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի զոյգ դրօշակները խորհրդաւոր գոյներով կը ծածանէին խաղավայրի բարձունքին վրայ: Մօտ 5000 հանդիսականներ անհամբեր կը սպասէին մարզահանդէսի բացումին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուագախումբը իր արդիական գործիքներով պատրաստ կը սպասէ բացման ազդանշանին: Եղբ. Նորայր Աւագեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական վարիչը, կու տայ բացման նշանը: Եւ փողերախումբը կը կատարէ բացումը «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով: Կը տողանցէ սկաուտներու եւ մարզիկներու թափօրը: Տողանցքը կþառաջնորդուէր իրաքեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի զոյգ դրօշակներով: Տողանցքին կը մասնակցէին՝ գայլիկներ, արծուիկներ, արենուշներ՝ իրենց կակուղ թաթիկներով. ապա սկաուտները՝ Պաղտատէն, Քերքուքէն եւ Մուսուլէն: Տողանցքը կը տեւէ կէս ժամ եւ կը վերջանայ փայլուն յաջողութեամբ: Եղբ. Հայկ Պոսթանեանի բացման խօսքէն ետք Մուսուլի, Պաղտատի եւ Քերքուքի մարզիկ-մարզիկուհիները խաղավայր կþիջնեն: Կը սկսին մրցումները: Բոլոր մրցումները տեղի ունեցան կանոնաւոր կերպով: Մրցումներուն մէջ Պաղտատ կը պահէր իր կայուն դիրքը. Քերքուք թէեւ պարտուած էր, սակայն կը շարունակէր իր խանդավառ մասնակցութիւնը: Պաղտատի եւ Քերքուքի զոյգ խումբերն ալ իրենց հոյակապ միջամտութիւններով ներկաներու խոր գնահատանքին արժանացան: Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ Կիրակի՝ 19-9-65ի, կէս գիշերուան ժամը 12:30ին մարզահանդէսը վերջացաւ: Պաղտատի շրջանը տիրացաւ ախոյեանութեան բաժակին, Քերքուք հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Մուսուլ՝ երրորդ: