50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Այս օրերուն միջազգային մամուլը լայնօրէն կը զբաղի Պօղոս Զ. Պապին՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տուած այցելութեամբ: Այդ մեկնաբանութիւններուն մէջ ամէնէն յատկանշականը եւ ուշագրաւներէն մէկը կը հանդիսանայ ֆրանսական «Լ'էքսփրես» շաբաթաթերթին յօդուածը, որ կը կրէ «2000 թուականին Պապը» խորագիրը: Ծանօթ լրագրող Ժորժ Սիւֆեր, որ թերթին Ֆրանսայի բաժնին խմբագիրն է, տալէ ետք Ս. քահանայապետին ճամբորդութեան կազմակերպման մանրամասնութիւնները, կը թուէ այս բացառիկ այցելութեան պատճառները: Նախ կը յայտնէ, թէ Պապին Նիւ Եորք ճամբորդութեան որոշումը տրուած է հակառակ իր կարգ մը խորհրդականներուն ընդդիմութեան: Անոնք ընդգծած են, թէ նախորդ երկու այցելութիւնները՝ Երուսաղէմ եւ Պոմպէյ, զուտ կրօնական հանգամանք ունէին, մինչդեռ Նիւ Եորք այցելութիւնը պիտի ունենայ էապէս քաղաքական նկարագիր, եւ եկեղեցին պիտի մխրճէ քաղաքական խնդիրներու լաբիւրինթոսին մէջ, որմէ հազիւ ձերբազատած էր հարիւր տարի առաջ: Հակառակ ասոր՝ Պապը որոշեց Նիւ Եորք այցելել: Ֆրանսական թերթը կը թուէ չորս պատճառ, որոնցմէ վերջինը ամէնէն ուշագրաւն է եւ պէտք է շեշտուի: Պապը շատ մտահոգուած է ու յոռետես՝ յառաջիկայ 35 տարիներու ընթացքին ազգամիջեան յարաբերութիւններու հոլովոյթով: Պօղոս Զ. կը վախնայ, որ պատերազմ ծագի: 1950ին շատեր պատերազմը մօտալուտ կը կարծէին: 1965ին ոչ ոք կը հաւատայ: Միջին քաղաքացին կը խորհի, թէ ռուսերն ու ամերիկացիները զիրար լաւ հասկցած են, եւ երկու մեծերուն իմաստութիւնն ու ուժը կը հանդուրժեն միայն տեղական փոքր պատերազմներ, գրեթէ անհետեւանք: «Այդպէս չի մտածեր սակայն Պօղոս Զ.», կը գրէ «Լþէքսփրես»: Ըստ անոր, համաշխարհային հոլովոյթին տիրական գիծը ազգայնականութեան զօրացումն է՝ հիւլէական զէնքի տարածումով: Յառաջիկայ երեսունհինգ տարիներու ընթացքին մինչեւ 2000 թուական, աշխարհ ենթակայ պիտի ըլլայ իշխանութեան պետի մը խենթութեան կամ ժողովուրդի մը հաւաքական գինովութեան, եթէ այժմէն իսկ աշխատանք չթափուի կարգի դնելու համար ազգամիջեան յարաբերութիւնները: