- Հայազգի ծովակալ Ի. Իսակով Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ նուիրած է աշխարհացոյց քարտէսներու հաւաքածոյ մը, որ եզակի է իր տեսակին մէջ։ Տասնեւինը քարտէսներ՝ որոնք հրատարակուած են վերջին 300 տարիներու ընթացքին զանազան քաղաքներու մէջ, կը պատկերացնեն բազմաթիւ երկրամասեր՝ շահեկան մանրամասնութիւններով։ Այս հաւաքածոյին մէջ կը գտնուի, օրինակ, 1692ին Փարիզի մէջ աշխարհագրագէտ Սանսոնի հրատարակած «Աշխարհի Աթլաս»ը։ Անդրկովկասի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ «Ռուսիա Փոքր Ասիոյ մէջ» աթլասը, որ լոյս տեսած է 1840ին, Փարիզ։ Արդարեւ, այս քարտէսը կը ներկայացնէ մանրամասնութիւններ Պասկեւիչի կովկասեան արշաւանքներէն, ինչպէս նաեւ յատակագիծերն ու նկարագրութիւնները Կարսի, Էրզրումի, Պայազիտի եւ Բաբերդի բերդերուն։

- Հանելուկները աւանդական բանահիւսութեան հնագոյն եւ յատկանշական ստեղծագործութիւններէն են։ Կը պատկերացնեն ժողովուրդին հոգեբանութիւնը, տեսակէտը՝ աշխարհի, կեանքի, բնութեան եւ այլ երեւոյթնրեու հանդէպ։ Պատմական տարբեր ժամանակներուն եւ յատկապէս 19րդ եւ 20րդ դարերուն, հանելուկներով հետաքրքրուած եւ զբաղած են բազմաթիւ գիտնականներ։ Տասնեակներու կը հասնի զանազան լեզուներով լոյս տեսած ժողովրդական հանելուկներուն թէ գիտական եւ հանրամատչելի հաւաքածոներուն թիւը։ Վերջերս, հրապարակ ելած է Սարգիս Յարութիւնեանին «Հայ ժողովրդական հանելուկներ» համահաւաք հաւաքածոն։ Վերոյիշեալ աշխատութեան հեղինակը, տարիներու ընթացքին, բանահիւսական, ազգագրական, տեղագրական, հնախօսական եւ այլ կարգի տպագիր աղբիւրներէ, պարբերական մամուլէ եւ դիւաններէ, ինչպէս նաեւ անձնական շրջագայութիւններու ժամանակ հաւաքած նիւթերու հիման վրայ քանի մը տարի առաջ հրատարակած էր մենագրութիւն մը՝ նուիրուած հայկական հանելուկներու բովանդակութեան ուսումնասիրութեան։