Նոյեմբերի վերջաւորութեան, ԽԱՆ-ի հանդիսութեանց Թեսաղոնիկէի ընդարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. «Օր»ուան շքեղ տօնակատարութիւնը:

Հանդէսին ներկայ էին գաղութի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Ղուսակ Աւագ քհնյ. Ֆիլիզեան, Ազգ. Իշխանութեան, Յարանուանութեանց, Մարզական, Բարեսիրական եւ Մշակութային միութեանց ներկայացուցիչները, Թեմական ժողովի քաղաքի պատգամաւորները եւ եկսեռ հայրենակիցներ, որոնք փութացած էին իրենց համակրանքը յայտնելու հայ ժողովուրդի հարազատ եւ հաւատաւոր կազմակերպութեան, որ 71 տարիներու փոթորկալից կեանքէ մը վերջ, անսահման հաւատքով կեցած է հայութեան արդար դատի իրագործման պայքարի պատնէշին վրայ: Երկսեռ երգչախումբը խմբավար՝ պրն. Արթիւր Մորճիկեանի ղեկավարութեամբ երգեց հելլէնեւհայ ոգերգները որմէ վերջ, օրուան նախագահ ընկ. Լեւոն Ճլկունի հանդէսը բանալով, բացատրեց օրուան տօնակատարութեան իմաստն: Ապա՝ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը հայ ժողովուրդի նահատակներուն: Օր. Շաքէ Կուսիկեան, արտասանեց Հայ Դրօշին նուիրուած քերթուած մը: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի կողմէ՝ ընկ. Մայտա Տերանեան կարդաց ուղերձ մը ու անկէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ բանախօս ընկ. Կարապետ Գալֆայեան, որ վերլուծեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը: Պատանեկանի կողմէ արտասանեցին՝ Սօսի Տերանեան եւ Յակոբ Գասապեան: Հանդէսի վերջաւորութեան երգչախումբը երգեց «Տալւորիկը», «Ձիգ տու, քաշի»ն, «Համազասպի երգը» եւ «Սարերի վրով գնաց»ը, խանդավառ ծափեր խլելով հանդիսականներէն: Նախագահ ընկերոջ փակման խօսքով եւ երգչախումբին կողմէ երգուած «Յառաջ նահատակ»ով փակուեցաւ այս տպաւորիչ հանդէսը, որմէ բոլորը մեկնեցան ազգային շունչով վերանորոգուած հոգիներով: