- Ժընեւի Հայ Ուսանողներու Միութիւնը, վերջերս, հայ եւ ֆրանսական բանաստեղծութեան նուիրուած արտասանական երեկոյ մը կազմակերպած է Երիտասարդաց Թատրոնին մէջ, արտասանելու հրաւիրելով ֆրանսահայ ծանօթ արտասանող պրն. Սարգիս Պօղոսեան։ ներկայ եղած է ընտիր հասարակութիւն մը։ Յայտագրին մէջ տեղ գտած են հայ աշուղական, դասական եւ ժողովրդային բանաստեղծութեանց նմուշներ, որոնց մէկ մասը պրն. Ս. Պօղոսեան ֆրանսերէնի թարգմանելով արտասանած է։ Տուած է էջեր Ֆրիկի դիւանէն, Նաղաշ Յովնաթանէ, Թլկուրանցիէ, Սայաթ Նովայէ, ժողովրդային անանուն ստեղծագործութիւններէ, ինչպէս նաեւ հատընտիր քերթուածներ՝ Պետրոս Դուրեանէ, Իսահակեանէ, Վարուժանէ, Ռուբէն Սեւակէ, Չարենցէ, Սիամանթոյէ, Յովհ. Շիրազէ, Թէքէեանէ, Մեծարենցէ, Որբերեանէ, Եղիայէ, Հ. Գալուստեանէ, եւն.։ Պրն. Պօղոսեան արտասանած է նաեւ Վիքթոր Հիւկոյի «Լէ Ճին»ը, Ժագ Փրեվէրի նորագոյն մէկ կտորը եւ երեկոյթը փակած «Կարգէ մամէ կարգէ զիս»ի ինքնատիպ արտասանութեամբ։
Պարսկաստանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ ներկայիս կան 26 ազգային վարժարաններ՝ քսան հազար երկսեռ աշակերտներով եւ երկու հարիւրէ աւելի ուսուցիչ¬ուսուցչուհիներով։ Թեհրանի հայութեան թիւը մօտաւորապէս ութսուն հազար է։

- Տարածուած ու սիրուած երգերու հեղինակ Մարթին Մազմանեան, հայկական երաժշտութեան զարգացումին իր բերած նպաստին համար Հայաստանի Ժողովրդական Արթիստի տիտղոս ստացած է։ Միւս կողմէ, վաստակաւոր Արթիստի տիտղոս ստացած են միջին սերունդի հինգ երգահաններ՝ Էտուար Աբրահամեան, Ադամ Խուտոյեան, Ալեքսանդր Աճէմեան, Կոնստանտին Օրբելեան ու Գէորգ Արմէնեան։ Այս վերջինը տարբեր սեռի գործերու հեղինակն է, ի մէջ այլոց «Խաչատուր Աբովեան» օփերային, որ Երեւանի Օփերայի Թատրոնին մէջ ներկայացուած է։ Երգահանը, որ այժմ իր երկրորդ օփերային վրայ կþաշախտի, ծանօթ է իր քնարական երգերով։