- Յուլիս 7ին, «Առաքելեան¬Կիւտէնեան» մարզադաշտի համանուն յուշատախտակի բացումին առթիւ, տեղի ունեցաւ բարեկամական հանդիպում մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ պասքէթի խումբերուն միջեւ։ Մրցումը առաջին կիսախաղին թէեւ շատ դանդաղ ընթացաւ, բայց, անձնական քանի մը ջանքերով աւելի վերջ որոշ շարժում մը յառաջ եկաւ։ Առաջին մասին մէջ Ֆիքսի ուժը քիչ մը աւելի գերակշիռ էր։ Նոյն թափով շարունակուեցաւ նաեւ երկրորդ բաժնին մինչեւ կէսերը, երբ մրցումը տեսարժան եւ հետաքրքրական դարձաւ։ Գոքինիոյ խումբը հակայարձակումի անցնելով ի վնաս իրեն տարբերութիւնը նուազեցուց եւ երկրորդ կիսախաղը հաւասար վերջացուց։ Հաւասարապէս աչքի զարկին եղբայրներ Բանիկեան եւԿիւրիւնլեան։ Լաւ էին նաեւ եղբայրներ Մխիկեան, Գէորգեան եւ Կարապետեան։ Վերջնական արդիւնքը եղաւ 35-31 ի նպաստ Ֆիքսին, որուն տրամդրուեցաւ եղբ. Տիգրան Սրապեանի կողմէ տրուած բաժակը։ Խումբերը դաշտ իջան հետեւեալ կազմերով.¬ Ֆիքս՝ Բանիկեան, Գէորգեան, Կարապետեան, Ռէիզեան, Պապիկեան, Խուլոյեան, Պօղոսեան։ Գոքինիա՝ Աւագեան, Կիւրիւնլեան, Մխիկեան, Մովսէսեան, Սլտրեան, Ոսկեան, Գ. Մովսէսեան։

- Վախի մթնոլորտ մը ստեղծուած է Թուրքիոյ մէջ։ Զինուորականները կը բողոքեն, ըսելով որ նախընտրական շարժումը պաշտօնապէս սկսելէ առաջ, կուսակցութիւնները լարուածութիւն կը ստեղծեն իրենց բռնած դիրքով։ Հալք կուսակցութիւնը, փոխ¬վարչապետ եւ մենտերէսասէր Ատալէթ կուսակցութեան պետ պրն. Տեմիրէլ Ատնան Մենտերեսէն աւելի վտանգաւոր կը նկատէ եւ կը պահանջէ՝ որ Իւրկիւպլիւի կառավարութիւնը հրաժարի եւ ընտրութիւնները ուրիշ կառավարութիւն մը կատարէ։ Այս առաջարկին համաձայն են այդ կուսակցութեան յարած անկախ երեսփոխաններն ալ։

- Վարչապետ պրն. Կիւրկիւպլիւ տեսակցեցաւ Հալք կուսակցութեան պետ պրն. Ինէօնիւի հետ։ Խօսակցութեան նիւթը պրն. Իւրկիւպլիւի յառաջիկայ ճամբորդութիւնն էր դէպի Մոսկուա։