- Քերքիրայէն կը հեռագրեն, թէ Կիրակի օր, տեղւոյն ամառնային պալատին՝ Մոն Ռեփոյի մէջ տեղի ունեցած է նորածին գահաժառանգ իշխանուհիի ծննդեան հաստատագրի ստորագրումի արարողութիւնը, ի ներկայութեան վեհապետին, վարչապետ պրն. Փափանտրէուին, դատական նախարար պրն. Պաքոբուլոսին, Քերքիրայի քաղաքապետ պրն. Ռաթի եւ դատաւորներու նախագահին։ Նորածին իշխանուհիին անունը արձանագրուած է Ալեքսիա։ Այս անունը տրուած է անոր համար, որ հանգուցեալ Փաւլոս թագաւորը, իշխանուհի Իրինիի ¥վեհապետին քոյրը¤ ծնունդէն առաջ, փափաք յայտնած է այդ անունը տալ անոր։ Սակայն, տրուած ըլլալով՝ որ իշխանուհիին ծնունդը տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, ատոր համար, կնքահայրը՝ զօրավար Եան Սմաչ, անոր տուած է Իրինի (Խաղաղութիւն) անունը։ Վեհապետը՝ յիշելով իր սիրելի թագաւոր հօր փափաքը, անոր սիրած անունը տուած է իր առաջին զաւակին։ Ալեքսիա անունը բիւզանդական անուն է.¬ Բիւզանդիոնի Ալեքսիոս Կոմնինոս կայսեր աղջկան՝ Ալեքսիայի անունն է։

- Թուրքիոյ փոխ¬վարչապետ պրն. Տեմիրէլ շուրջ մէկուկէս ժամ տեսակցեցաւ Յունաստանի դեսպան պրն. Զղուրտէոսի հետ։ Տեսակցութեան բովանդակութեան մասին թէեւ պաշտօնական ոչ մէկ յայտարարութիւն եղաւ, այսուհանդերձ, լաւատեղեակ աղբիւրներէ հաղորդուեցաւ՝ թէ փոխ¬վարչապետը եւ հելլէն դեսպանը խօսակցած են կիպրացի թուրք ուսանողներու Կիպրոս վերադարձին դէմ կիպրական կառավարութեան կողմէ դրուած արգելքին շուրջ։ Թրքական արտաքին նախարարութեան ներկայացուցիչը լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ հասկցուց, թէ թուրք կառավարութիւնը որոշած է ուշադրութեամբ հետեւիլ հարցին։

- Հիւս. Ատլանտեանի մէջ ամերիկեան զինուորական սաւառնակ մը վար ինկաւ։ Սաւառնակին մէջ գտնուող 19 հոգիէն 10 հոգին ազատեցան։ Ութ հոգիին մարմինները գտնուեցան։ Ազատուածները դուրս հանուեցան ովկիանոսէն ու փոխադրուեցան ամերիկեան «Ռոսպ» սաւառնակակիրին պտուտակաթիռներով։